ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Համալսարանական նոր դասախօսներու պատրաստութեան նպաստող ամերիկեան ծրագրի մը շնորհիւ, Միացէալ Նահանգներ գտնուող «Ֆուրպրայթ»ի ուսումնասիրող դոկտ. Քրիսթին Անտոնեան, 2010ի գարնանային կիսամեակին, անցուց Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն ներս, ամբողջացնելով փորձառական արդիւնաբեր շրջան մը:
Երեւանի պետական համալսարանի աւարտած տնտեսագէտը իր կեցութեան ընթացքին համալսարանէն ներս դասախօսութիւններ տուաւ փոփոխութիւններ դիմագրաւող տնտեսութեանց եւ կրթական համակարգներու մասին, միաժամանակ ներկայ ըլլալով զանազան դասաւանդութեանց եւ աշխատաժողովներու, որոնցմէ շահած իր փորձառութիւնները Հայաստան պիտի փոխադրէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.