ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 19ի երեկոյեան, Մոնոյի «Սեն Ժոզեֆ» եկեղեցւոյ սրահը Հայոց Ցեղասպանութենէն ամէն տեսակի «վերապրող»ներու՝ անհատներու, իրերու, լուսանկարներու, ձեռագործներու հետ ժամադրութեան վայր էր: Հայկական պղնձեայ անօթներ, ձեռագիրներ, սափորներ, տպագրական հին մեքենայ, իւրայատուկ եւ հազուագիւտ իրեր, դիմացը՝ վերապրողներու քով-քովի շարուած եւ վերապրումի պատը հիւսած տեսարան մը, որուն դիմաց կը վառին մոմեր՝ Արեւմտահայաստանի շրջաններուն անունները կրող ապակեայ անօթներու մէջ։ Աջին հայկական ձեռագործներ, զգեստներ, ծածկոցներ, ձախին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները ներկայացնող տեսաերիզի ցուցադրութիւն, իսկ ամբողջ սրահին մէջ կը լսուի սուլոցը անապատային զեփիւռին, որ կու գայ հեռուներէն, սակայն կը միանայ ներկային՝ հայոց վերապրումին։
Ցուցահանդէսը իրականացած է Ծովիկ Թորիկեանի ջանքերով:
Վերապրողներու տեսաերիզը դիտելու կողքին, ներկաներուն առիթ տրուած է լսելու անոնց պատմածները։ Հոն կը խօսին ծերունիները՝ իրենց մանկութեան մասին, երբ գանկերու մէջէն քալելով՝ հասած են փրկութեան ափ, երբ դիակներու կոյտերու մօտէն անցած են, երբ անոնք ա՛լ բառեր չեն գտներ իրենց ապրածն ու տեսածը նկարագրելու, երբ… այդ երբը յիշելով՝ անոնք իրենց ափերով ամուր կը փակեն իրենց աչքերը…
Ծովիկ Թորիկեան «Ազդակ»ի թղթակիցին յայտնած է, թէ ինք աւելի քան 10 տարիէ ի վեր հանդիպում կ՛ունենայ վերապրողներու հետ, կ՛արձանագրէ անոնց վկայութիւնները, սակայն ցարդ յարմար ձեւն ու առիթը չէր գտած զանոնք ներկայացնելու։ Այս ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին, առիթը եղաւ այս վկայութիւնները հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու, նաեւ լիբանանցիներուն ներկայացնելու հայկական աւանդական իրեր, զգեստներ ու լուսանկարներ, ուր, ըստ Թորիկեանի, միայն կեանք կայ, դիակներ չկան, մարդիկ ոտքի են, կանգնած են, ապրած են, յաղթահարած են ամէնէն ահաւորը եւ գրկած են կեանքը։
Ցուցահանդէսը իրականացնողը հաստատեց, որ ինք այս նախաձեռնութեամբ կը միտի վերապրումի միտքը փոխանցել տեղացիներուն եւս, որպէսզի անոնք գիտնան, թէ հայութիւնը օժտուած է գոյատեւելու եւ վերապրելու կամքով։
Իւրայատուկ եւ արժէքաւոր ցուցահանդէս մը, ուր կան բեկորներ հայութեան վերապրումէն, Արեւմտահայաստանէն, Տէր Զօրի անապատներէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.