ՊԷՅՐՈՒԹ.- Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի զոյգ առիթներով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու նպատակով, Ուրբաթ, Մայիս 21ի երեկոյեան, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։
Այս առիթով կազմուած յոբելենական յանձնախումբի անդամներ Ճորճ Աբէլեան եւ Եսայի Հաւաթեան իրենց խօսքերուն մէջ շեշտը դրին 6-22 Օգոստոսին, Մուսա լերան մայրաքաղաքը նկատուող Այնճարի մէջ տեղի ունենալիք տարբեր բնոյթի եւ բովանդակութեան ձեռնարկներուն կարեւորութեան վրայ. ձեռնարկներ, որոնք կը միտին նպաստել հայաբնակ ու անոր զարգացման։
Ան ըսաւ, որ յանձնախումբը կը միտի այս ձեռնարկներով նախ եւ առաջ անդրադառնալ Մուսա լերան հերոսամարտին, նաեւ դասեր քաղել անկէ: Ապա՝ այս ձեռնարկները կը նպատակադրեն լուսարձակ սփռել Մուսա լերան մայրաքաղաքը նկատուող եւ զբօսաշրջութեան առումով իւրայատուկ արժէք ունեցող Այնճարի վրայ։
Այլ կէտ մը՝ հայութիւնը, ի մասնաւորի մուսալեռցիները Այնճարի մէջ համախմբելն է, տարբեր գաղութներու եւ Հայաստանի մէջ ապրող մուսալեռցիներուն միջեւ կապերը ամրապնդելը, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ մշակել աշխատանքային շինիչ եւ բարգաւաճման առաջարկներով լի ծրագիր մը՝ Այնճարի եւ մուսալեռցիներուն յատուկ եւ անոնց ի նպաստ։
Ե. Հաւաթեան շեշտեց, որ աւելի քան 35 հազար մուսալեռցիները համախմբելը այս առիթով առաջնահերթութիւն է, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք-ձեռքի տալով աշխատիլ մուսալեռցիներու ամէնէն մեծաթիւ համախմբման կեդրոնը հանդիսացող Այնճարի բարեկարգման եւ զարգացման ի խնդիր։
Աւարտին, Եսայի Հաւաթեան մանրամասն ներկայացուց 6-22 Օգոստոսին տեղի ունենալիք ձեռնարկները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.