ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարարութեան հրաւէրով, աշուղական երգերու յայտնի մեկնաբան, իր կարգին բազմաթիւ երգերու հեղինակ Լեւոն Գաթրճեան Մայիս 30ին կը մեկնի Արցախ, ուր ան ելոյթներ պիտի ունենայ հանրապետութեան տարբեր շրջաններու մէջ:
Գաթրճեանին պիտի ընկերանայ երիտասարդ արուեստագէտ, երաժիշտ Յովիկ Գարոյեան:
Գաթրճեանի արցախեան հիւրախաղերուն, երգիչին պիտի ընկերանան «Սայեաթ Նովա» աշուղական երգերու խումբը:

Նշենք, որ Գաթրճեան, Յունիս 22ին, հեղինակային համերգով հանդէս պիտի գայ Երեւանի Ֆիլմհարմոնիքի սրահին մէջ:
Բարի ճանապարհ կը մաղթենք վաստակաւոր երգիչին: