ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 22ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան եւ ՀՀ ռազմական արդիւնաբերական ոլորտի ձեռնարկութիւններու ղեկավար կազմի համատեղ խորհրդակցութիւնը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, իր բացման խօսքին մէջ կարեւոր համարեց խորհրդակցութեան իրականացումը՝ նշելով, որ անիկա իր տեսակին մէջ առաջինն է, որուն ընթացքին հնարաւորութիւն կը տրուի համատեղ գնահատական տալու Հայաստանի ռազմական արդիւնաբերութեան ներկայ իրավիճակին:
Ընգծելով, որ ռազմական արդիւնաբերութեան զարգացումը հայկական Զինուած ուժերուն կարեւոր խնդիրներէն մէկն է՝ Ս. Օհանեան նշեց, որ համաձայն յատուկ մշակուած ծրագիրի, արդէն աշխատանք կը տարուի սպառազինութեան եւ ռազմական գիտարուեստի զարգացման ուղղութեամբ։
«Ըստ էութեան, այսօր նոր էջ ենք սկսել բացել մեր ռազմական արդիւնաբերութեան հայեցակարգի ձեւաւորման, այնուհետեւ՝ արագ թեմփերով դէպի զարգացում տանելու ուղղութեամբ», նշեց Ս. Օհանեան՝ ընդգծելով, որ ոլորտի զարգացման հրամայականը կախեալ է տարածաշրջանային զարգացումներէն:
«Այսպիսի տարածաշրջանում, երբ մարտահրաւէրներն ամէն օր աւելանում են, մենք պէտք է զարգացնենք մեր սեփականը: Տարածաշրջանային իրադրութիւնն այնպիսին է այսօր, որ լուրջ հիմքեր պէտք է ստեղծենք մեր ազգային անվտանգութեան երաշխիքների եւ միջազգային երաշխիքների ուղղութեամբ: Մեր երաշխիքը մեր Զինուած ուժերն են, իսկ այս ոլորտի զարգացումը չափազանց կարեւոր է», նշեց նախարարը:
Ռազմական արդիւնաբերական վարչութեան պետ գնդապետ Մուրադ Իսախանեան, իր հերթին, ներկայացուց ոլորտին մէջ առկայ իրավիճակը, որմէ ետք ոլորտի զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ կարծիքներ փոխանակուեցան:
Նոյն օրը եւ նոյն վայրին մէջ բացուեցաւ Հայաստանի մէջ արտադրուող ռազմական գիտարուեստի եւ սպառազինութեան տեսականիի ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին տեղական քանի մը ձեռնարկութիւններ եւ գիտական հիմնարկութիւններ:
Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին նախարար Սէյրան Օհանեան օրը պատմական համարելով՝ յայտնեց. «Պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը վերանայելու ընթացքում պէտք է մշակուի ռազմական արդիւնաբերութեան զարգացման համալիր հայեցակարգ: Այդ ուղղութեամբ արդէն տարուել է որոշակի աշխատանք, ինչի վկան այսօրուան ցուցահանդէսն է: Ես պէտք է ընդգծեմ, որ ցուցադրուող ռազմական նմուշներից շատերն արդէն լայնօրէն կիրառւում են Հայաստանի ԶՈւ-ում»:
Ցուցահանդէսին նաեւ ներկայացուած էին ռազմական արուեստի ուսուցման նպատակով ստեղծուած տարբեր համակարգչային ծրագիրներ, հետախուզութեան եւ հակահետախուզութեան ռատիօ-ելեկտրոնային տարբեր գործիքներ եւ միջազգային օրէնքներով թոյլատրուող զինամթերքներու լայն տեսականի: Ուշագրաւ էին սպառազինութեան ու ռազմական գիտարուեստի նորամուտ քանի մը արտադրատեսակներ, որոնք շուտով պիտի յանձնուին Զինուած ուժերու շահագործման:
Նշենք, որ ռազմական արդիւնաբերութեան ձեռքբերումներու ցուցահանդէսին ներկայ էին նաեւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեանն ու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.