ՄԱՐՍԷՅ.- Եւրոպայի Դպրեվանքցիներու համագումարը տեղի ունեցաւ Մայիս 22-24, Մարսէյի Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցւոյ Մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Սոյն ժողովին մասնակցեցան շուրջ իննսուն շրջանաւարտներ՝ իրենց կողակիցներով, որոնք եկած էին Ամերիկայէն, Գանատայէն, Գերմանիայէն, Փարիզէն, Անգլիայէն, Ափրիկէէն, Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Աւստրիայէն եւ Պոլիսէն։
Շաբաթ, Մայիս 22ին, համագումարի առաջին մասով խօսք առաւ Դպրեվանքի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Թագւոր Անան, որ ընդգծեց կարեւորութիւնը Դպրեվանքի բարոյական արժէքներուն, այսինքն՝ կրթական, դաստիարակչական ընթացքին։ Շարունակելով իր խօսքը՝ ան կեդրոնացաւ նաեւ բոլոր դպրոցներուն համար հասարակաց ծրագիրի մը վրայ, որուն նպատակը պիտի ըլլայ դպրոցներու մակարդակը բարձրացնել։
Երկրորդ մասով արտայայտուեցաւ «Սահակ-Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Խաչիկ Եըլմազեան, որ շեշտը դրաւ Սփիւռքի հայ դպրոցներու ուսուցիչներու պատրաստութեան դժուարութեանց, աշակերտներու թիւի պակասին, ուսուցման եղանակներու տկարութեան եւ կարգ մը երկիրներու հայաշատ քաղաքներուն մէջ վարժարաններու պակասին վրայ։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, Մայիս 23ին, Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ Հոգեգալստեան տօնին առիթով, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։ Ս. պատարագը մատուցանեց դպրեվանքի հունձքերէն՝ Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան, որ իր քարոզին մէջ ներկայացուց Հոգեգալստեան խորհուրդը աւետարանական դրուագներու ըմդմէջէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.