Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Մայիս 30ին մեկնեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան, ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին։
Յառաջիկայ շաբաթավերջին, Յունիս 5-6ին, առաջնորդ սրբազանը քահանայական կոչում եւ աբեղայական ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ։ Ձեռնադրութեան պիտի արժանանան Մայրավանքի երեք սաներ։
Առաջնորդը Լոս Անճելըս պիտի վերադառնայ յաջորդ շաբաթավերջին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.