ԷՆՍԻՆՕ.- Անցեալ Շաբաթ, 5 Յունիսին, Ազգ. «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական ծրագիրը ամբողջացուցած 18 նորագիրներ, իրենց երդումը տալով՝ միացան ՀՅԴ շարքերուն:
Նորագիրներու այս խումբին կնքահայրը ըլլալու պատասխանատուութիւնը յանձնուած էր տոթք. Սահակ Պաղտասարեանին, որ այս առթիւ վերյիշեց իր երդումը, զոր իրմէ առած էր զօր. Դրօ Կանայեանը:
Դաշնակցութենէն հեռանալու երկու ճանապարհ կայ, նորագիրներուն ըսաւ տոքթ. Պաղտասարեանը, աւելցնելով. «Այս կուսակցութենէն կը հեռանաք կամ վտարուելով անկէ, կամ՝ մեռնելով»: Վստահ ըլլալով, որ նորագիրներուն մօտ որեւէ երկմտանք չկայ ու պատրաստ են իրենց ուխտը կատարելու՝ տոքթ. Պաղտասարեան արտասանեց ՀՅԴ կանոնագիրով սահմանուած երդման բառերը, որոնց արձագանգեցին բոլոր նորագիրները:
Երդման արարողութեան աւարտին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանը խօսք առնելով՝ յայտնեց.
«Անգամ մը եւս այսօր մենք վկայ եղանք խումբ մը նորագիրներու երդման արարողութեան. երեւոյթ մը, զոր առաւել կ՛արժեւորենք, որովհետեւ կ՛ապրինք աշխարհի ամէնէն ազատական եւ ապաքաղաքականացած միջավայրերէն մէկուն մէջ: Այս կը նշանակէ, թէ դուք, սիրելիներ, նուազ չափով ազդուած էք ձեր ապրած միջավայրի տեղական մտայնութենէն եւ ոչ միայն զգացումով, այլ նաեւ գիտակցութեամբ, համոզումով եւ պատրաստակամութեամբ որոշած էք ծառայել մեր ազգին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն ընդմէջէն, իբրեւ Դաշնակցութեան զինուոր, այդ բառի ամէնէն լայն հասկացողութեամբ. մէկը, որ պատրաստ է պայքարելու թէ՛ պատերազմի դաշտի, թէ՛ քաղաքական բեմի վրայ. զինուոր՝ բանակի մը, որ համախմբած է մեզ մէկ գաղափարի շուրջ: Այդ գաղափարով առաջնորդուած է այս կուսակցութիւնը եւ այդ գաղափարին ու անոր զինուորներուն շնորհիւ գոյատեւած է 120 տարի՝ միշտ մնալով երիտասարդ, ոչ միայն որովհետեւ տեւաբար այժմէականացուցած է իր քաղաքական ուղեգիծը եւ ռազմավարութիւնը, այլ նաեւ շնորհիւ ձեզի պէս հայորդիներու, որոնք միանալով իր շարքերուն՝ ապահոված են բնական եւ անհրաժեշտ սերնդափոխութիւնը:
«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ասպարէզով կրնայ բանուոր, բժիշկ, փաստաբան, վաճառական կամ արուեստագէտ ըլլալ, սակայն պէտք է գիտնաք, թէ Դաշնակցութեան մէջ բոլորս համահաւասար պարտականութիւններ եւ համահաւասար իրաւունքներ ունինք:
«Դուք երդում տուիք ամէն գնով ծառայելու Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին, եւ ինչպէս լաւատեղեակ էք, վերջերս ոմանք կը փորձեն Հայաստանի ու հայութեան կենսական իրաւունքները խնդրոյ առարկայ դարձնել: Այսօր, հետեւաբար, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ Դաշնակցութիւնը ամուր, ուժեղ եւ միակամ շարքերով դիմագրաւէ մեր ազգին ու հայրենիքին դէմ ծառացած մարտահրաւէրները»:
Ապա, Իզմիրլեան եւ բոլոր ներկաները շնորհաւորեցին նորագիրները եւ բարի գալուստ մաղթեցին անոնց՝ աշխատանքի ու պայքարի դաշտ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.