ԼՈՆՏՈՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, «Պի.Պի.Սի.»ին հետ Կիրակի, Յունիս 13ին կատարած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն մտադիր չէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը կապել Թուրքիոյ հետ կապուած միւս խնդիրներուն։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հաւանակա՞ն է, որ ամերիկեան վարչակազմը աջակցի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն, յատկապէս ներկայ պայմաններուն տակ, երբ Թուրքիան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ դէմ քուէարկած է Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւին՝ Կորտըն պատասխանած է. «Չեմ կարծեր, որ մենք պէտք է միասին դիտարկենք հարցեր, որոնք իրարու հետ ոչ մէկ ընդհանուր կապ ունին։ Ուաշինկթըն բազմատեսակ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ, եւ իւրաքանչիւր հարց մտադիր է քննարկել համապատասխան ձեւով եւ համապատասխան ժամանակին»։
Ընդունելով, որ ՄԱԿի մէջ տեղի ունեցած քուէարկութիւնը յուսախաբած է զինք՝ Կորտըն միաժամանակ նշած է. «Կը կարծեմ, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն մնալ ռազմավարական դաշնակիցներ։ Մենք շատ ընդհանուր շահեր ունինք, թէեւ կան նաեւ տարակարծութիւններ»։
Ակնարկելով Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող նաւուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին ստեղծած տագնապին՝ Կորտըն յայտնած է, թէ թրքական նաւուն վրայ կը գտնուէին գրգռութիւններ կատարելու նպատակով ճամբայ ելած անձեր, որպէսզի աշխարհի ուշադրութիւնը Կազայի հարցին վրայ կեդրոնանայ: Ան աւելցուց, թէ այս հարցով շարք մը հարցումներ տակաւին անպատասխան կը մնան:
Ան նաեւ որոշ վերապահութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան նկատմամբ, եւ ուղղակի յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն չի կրնար նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ բոլոր քայլերուն: