Կիրակի, Յունիս 13ը «Մխիթարեան» վարժարանը տրամադրել էր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի տարեվերջեան հանդէսներին, որոնց յաջողութիւնը արդիւնք էր դպրոց, ուսուցիչ, աշակերտ, ծնող գործակցութեան:
Յետմիջօրէի ժամը 4ին, «La Canada Congregational» եկեղեցու սրահում հաւաքուել էր հոծ բազմութիւն, մօտ 200 հոգի՝ ծնողներ եւ հիւրեր: Մանկապարտիզպանուհի Լենա Քէօշկէրեանի բացման խօսքից յետոյ, բեմի վրայ սկսեցին տողանցել «Nursery», «Pre K», «Kintergarten»ի փոքրիկները, իրենց հայկական պարերով, երգերով եւ ասմունքներով: Մանկական պարտէզի անուշիկ եւ գունաւոր ծաղիկները իւրացրել էին անհրաժեշտ ամէն բան՝ իրենց կարողութիւնները լաւագոյն ձեւով դրսեւորելու համար: Իրար էին յաջորդում «Հայր Մեր»ը, հայկական, ամերիկեան ու «Մխիթարեան» քայլերգները, բազմաբնոյթ հայկական երգերը, հայերէն եւ անգլերէն ասմունքները, խանդավառ պարերը: «Kintergarten»ի աշխատանքները ղեկավարել էին Լենա Քէօշկերեանը, Ռեբեկա Գոչեանը, Էրիքա Մազլումեանը, «Pre-K»ում՝ Արաքսիա Մուրադեանը, Հիլմա Յակոբեանը, Առլին Մարտիկեանը, «Nursery»ում՝ Գոհար Սահակեանը ու Գոհար Մուրադեանը: Երաժշտութեան ուսուցչուհի Ալիս Տէր Գէորգեանը կատարել էր երգերի ուսուցումը եւ նուագակցում էր նրանց:
Վկայականների յանձնման արարողութեամբ եզրափակում էր հանդէսը: Յիշատակելի էր վարժարանի պատասխանատու տնօրէն Յովհաննէս Խոստեղեանի պատգամն՝ ուղղուած ներկաներին, ուր ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ապա «գեղեցիկ եւ հրաշալի պարտէզի մը» ծաղիկներու եւ գանձերու նմանցուց աշակերտները: Ապա ըսաւ. «Թէեւ այսօր կը փակենք դպրոցական տարին, սակայն մեր այս պարտէզը չի փակեր իր դռները: Ձեզմէ կը խնդրենք, որ յիշէք ձեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ ամէն օր սիրով եւ գուրգուրանքով դրուած գիտելիքներն ու արժէքները: Այդտեղ մենք սկսած ենք երկնել Հայկ նահապետին յաղթական բազուկը, Արա Գեղեցիկի առաքինութիւնը, Քաջն Արտաշէսի հայրենասիրութիւնը, Մեծն Տիգրանի յաղթող զօրութիւնը, Մեսրոպ Մաշտոցի յաւերժական տառերը, եւ Կարմիրն Վարդանի հաւատարիմ հոգին: Այդտեղ մենք վառ կը պահենք հայ ազատամարտիկներու գերագոյն զոհողութեամբ մեզի հասած բարձրագոյն արժէքները՝ սէրը հայրենիքին հանդէպ, եւ նուիրում՝ մեր լեզուին ու մշակոյթին: Սիրելի ձագուկներ, արձակեցէք ձեր արմատները այս յուռթի հողին մէջ, որպէսզի հարիւրապատիկ պտուղ բերէք իր ատենին: Մենք կը խոստանանք ձեզի, որ պիտի ցանկով պատենք այս այգին, եւ հեռու վանենք ամէն վտանգ ու չար աչք. պիտի տանք ձեզի Մարտիրոս Սարեանի նկարած տաք արեւը որպէսզի ջերմացնէ ձեր հոգին եւ կեանք պարգեւող զօրութեամբ արթնցնէ ձեր մէջ Հայ հանճարը: Պիտի բերենք Եփրատէն ջուր, որպէսզի չխամրի ձեր մէջ տասնեակ հազար տարիներու կեանքով առոյգ մեր պատմութիւնը: Պիտի փայլ տանք ձեզի, մեր ալեւոր Մասիսներուն հզօր լոյսով, որպէսզի միշտ վառ մնայ Հայոց Տոհմին մեծ ջահը»:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7ին վարժարանի բակը տօնականօրէն զարդարուած սպասում էր ծնողներին եւ հիւրերին: Տեղի պիտի ունենար հինգերորդ դասարանի աւարտական հանդէսը եւ վարժարանի ընդհանուր աշակերտների մրցանակաբաշխութիւնը: Շրջանաւարտների պատշաճ ծրագրից եւ վկայականների բաշխումից յետոյ պիտի յանձնուէին մրցանակները: Բեմի վրայ էին տնօրէն Խոստեղեանը, օրիորդներ Արսինէ Շահմելիքեանը, Սօսի Մատենճեանը, տէր եւ տիկին Սեզար եւ Սօնա Գալուստեանները: Ներկայացուեցին մրցանակներ՝ ուսման, վարք ու բարքի, դպրոց յաճախելու, լաւագոյն յառաջդիմութեան, լաւագոյն հայերէն ասմունքող, երգող եւ պարողի, մարզական խաղերի (KAHAM): Տնօրէնութեան անակնկալն էր յաջորդ ուսումնական տարում երեք աշակերտների լրիւ կրթաթոշակի նպաստի յատկացումը: Մրցանակների խանդավառութիւնը առաջնորդեց դէպի առաւել խանդավառ մթնոլորտ. ծնողական յանձնախումբը կազմակերպել էր պարանցիկ խրախճանք, որի ուրախ եւ հաճելի ժամերը ներկաներին գրաւեցին մինչեւ ուշ գիշեր:
Հաճոյքն անցօղիկ է, սակայն հոգեւոր պատգամն է, որ մեզ պիտի ուղեկցի, մղի նուիրուած աշխատանքի եւ ոգեւորի՝ դիմաւորելու համար նոր ուսումնական տարին: Ստորեւ տնօրէնի արտասանած խօսքէն բաժիններ. «Հասանք ահաւասիկ ամավերջի հանդէսին, եւ պատշաճ է, որ կեանքի անընդհատ ընթացքին վայրկեան մը շունչ առնենք եւ ակնարկ մը տանք այս տարուայ մեր կտրած ճամբուն: Քննենք արգասիքը, որ մնաց մեր ձեռքը, եւ ընտրենք ու պահենք բարին, իսկ խոտանը հեռացնենք:
«Իսկապէս արտասովոր տարի մըն էր անցեալը, իր յորձանուտ ընթացքով, հոգեկան ապրումներու սաստկութեամբ, վարչական փոփոխութիւններու արագութեամբ, մեծ ակնկալութիւններով եւ մեր զաւակներուն մտքի եւ հոգիներուն պատրաստութեան բարձր սպասումով. եւ տեսանք, որ աղուոր ու բարի էր առաջին տարին:
«Ինչպէս իւրաքանչիւր ընտանիք կը կազմուի ամուսնութեան սուրբ ուխտով, նոյնպէս սուրբ դաշինք մը կը կազմէ խոր հիմը իւրաքանչիւր արձանագրութեան, երբ ծնողքը «Մխիթարեան» վարժարանին կը յանձնէ իր թանկագին գանձին՝ իր զաւակին, դաստիարակութեան գործը:
«Ոչ մէկ ուրիշ յանձնառութիւն աւելի կարեւոր է քան այս ուխտը. ոչ մէկ ուրիշ պատասխանատուութիւն աւելի ծանր է, քան դաստիարակութեան այս դաշինքը. ոչ մէկ ուրիշ հարստութիւն, տուն, ինքնաշարժ, արձակուրդ կամ հացն ինքնին պէտք է պահանջէ աւելի զոհողութիւն, քան սէրն ու խնամքը, զոր կը պարտինք մեր զաւակներուն հայեցի եւ քրիստոնէական մշակոյթով դաստիարակութեան:
«Եկէք, ուրեմն, միասնաբար վերստին նորոգենք մեր նուիրումը տէր կանգնելու այս սուրբ դաշինքին. տանք անոր մեր սէրն ու կեանքը, եւ կապենք մեր միջեւ հաւատարմութեան նարօտը՝ որպէս նշան վերագտեալ մեր ուխտին: Ամէն անգամ, երբ միասին հաւաքուինք «Մխիթարեան» վարժարանին շուրջ, դարբնենք մեր սալերը ամրացնելու համար այս դաշինքը»:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)
Ըլլալով Մխիթարեանի նախկին սան մը եւ Պոլսոյ Մխիթարեան Միաբանութեան նախկին մատակարար մարմնի անդամներէն մէկը, շատ ուրախ եմ այս լուրը կարդալուս համար:Յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն կա մախթեմ Մխիթարեան Վարժարաններուն եւ կը մախթեմ որ Հայ մշակոյթին ջահը միշտ վառ պահէն աշխարհի բոլոր հայութեան վրայ: