ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ, «Նիուզ».- Յունիս 15ին, Ուրուկուէյի առաջին տիկին, խորհրդարանի ներկայացուցիչ Լուսիա Թօփոլանսքի մասնակցած է 95 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ կախաղան բարձրացուած Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան 20 անդամներու տարելիցին նուիրուած արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Ուրուկուէյի մէջ գործող ՍԴՀԿ վարիչ մարմինին կողմէ:
Արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի հիւպատոսը, Ուրուկուէյի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հանդիսատեսներ:
Փաստաբան Ալպերթօ Քեշքերեանի ելոյթին յաջորդած գեղարուեստական ներկայացումէն ետք, ելոյթ ունեցած է Ուրուկուէյի առաջին տիկին Լուսիա Թօփոլանսքի, որ փոխանցած է իր ամուսնոյն՝ Ուրուկուէյի նախագահ Խօսէ Մուխիկայի, զօրակցութիւնը եւ նշած է, որ ինք, երկրի առաջին խորհրդարանականը ըլլալով՝ պիտի շարունակէ պաշտպանել հայ ազգին արդար իրաւունքները:
Ան զուգահեռներ գծած է կախաղան բարձրացած 20 անձերուն եւ իր կեանքին միջեւ, ապա յիշած է, թէ երբ ան զինուորական բռնապետութեան ժամանակ բանտարկուած էր, բանտին մէջ ունեցած էր հայ ընկերուհի մը, որուն հետ պատրաստած էր հայկական տառերով արուեստի գործեր՝ իրենց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն հետ հաղորդակցելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.