ՍԻԼՎԱՐԴ ՍԱՊՈՒՆՃԷԱՆ
Յորդանանի արեւը կիզիչ է նոյնիսկ Ապրիլի կէսերուն: Կարմիր ծովու ափին Ագապայէն դէպի Ամման տանող գրեթէ ամայի մայրուղիով հանդարտ սլացող հանրակառքը, կը փոխադրէ տասնինը յոգնած բայց անհանդարտ ճամբորդներ, որոնք կը մասնակցին Արմէն Արոյեանի իւրայատուկ ճաշակով պատրաստուած միջին արեւելեան շրջապտոյտին եւ որոնք, այցելելէ ետք Մալաթիա, Անտիոք, Քեսապ, Պուսրա եւ Բեդրա, դեռ չյագեցած փնտռտուքով կը յուսան յորդանաեան անապատին մէջ գտնել կորսուած հայերը, որոնք զաւակներն ու թոռներն են 1915ին, Քիլիսէն, Չոմախլուէն, Ճիպինէն, Հռոմկլայէն եւ Պէյլանէն տեղահանուածներու…:
Տեղացի վարորդը եւ ուղեցոյցը հետաքրքրուած չեն մեզ անհանգստացնող նիւթով: Անոնք կը պատճառաբանեն, թէ ամէն մարդ իսլամ է այստեղ եւ արաբ եւ քրիստոնեաներ փնտռելով, մենք կրնանք հակազդեցութեանց դուռ բանալ: Ի զուր կը բացատրենք, թէ մեր տեսնել ուզած մարդիկը արաբ են եւ իսլամ եւ թէ ասիկա մեր միակ առիթն է հանդիպելու անոնց, բայց ուղեցոյցն ու վարորդը կը շարունակեն դիմադրել: Ի վերջոյ, յամառօրէն հաճոյախօսելով, տակաւ առ տակաւ կակուղնալու նշաններ կը տեսնենք անոնց մէջ, մինչեւ հասանք Մա՚ան. սակայն ու՞ր է «Հայ էլ Արման»ը: Անցորդ մը կ՛ըսէ, թէ այդպիսի փողոց չկայ. կը հարցնենք երկրորդին, երրորդին, յանկարծ կը յիշեմ փարիզաբնակ մարդաբան Աննա Յովհաննէսեանի յիշած ցեղախումբին անունը՝ Ապու Տարուիշ. եւ հանգոյցը կը քակուի:
Մա՛անի փէշերուն ամբողջ թաղ մը գրաւած են անոնք, տարբեր տուներու տէր, իրարու ազգական, բոլորն ալ հայուհիի զաւակներ ու թոռներ: Կամացուկ մը կը հրենք առաջին դուռը. միջանցքին մէջ երիտասարդ մը ներս կը հրաւիրէ մեզ, կը հարցնեմ, թէ ո՞վ կայ տունը, սրտիս մէջ շնորհակալ՝ յիշած արաբերէնիս համար: Մայրը՝ Ֆայզան, միջին արեւելքցի հայ կիները յիշեցնող դիմագիծով, խոշոր կլոր աչքերով, սպիտակամորթ, քիչ մը գիրուկ, հանդարտ արտայայտութեամբ, մազերը հինայած, «Սետիր»ին վրայ ծալապատիկ նստած՝ մեզ կ՛ընդունի: Կը հարցնեմ՝ թէ հայերէն գիտէ՞, պատասխանը նրբութէամբ ըսուած «Ո»չ մըն է: «Ո՞վ հայ է» հարցումիս կը պատասխանէ՝ «Մեծ մայրս» ու Ֆայզա կ՛առաջարկէ, որ քիչ անդին գտնուող մօրը տունը երթանք, որովհետեւ «Ան ամէն ինչ գիտէ»: Երիտասարդը մեզ կը տանի մեծ մօրը տունը: Երկու կիները իրարու շատ նման են, կարծես երկու քոյր ըլլային: Մայրն ալ հինայած մազեր ունի եւ աղջկան նման՝ խաղաղ դիմագիծ մը: Շամա՛ա, այսինքն «մոմ» է անունը, արդեօ՞ք ինչո՞ւ: Ան սիրալիր կ՛ընդունի մեզ: Տաքուկ հոսանք մը կ՛անցնի մեր մէջ, կը մտերմանանք: Քով քովի նստած, առանց ծածկելու մեր զգացումներն ու յուզումները, կը քակուին թելերը՝ 1915ին Չոմախլուէն աքսորուած հայ կիներուն եւ անոնց անչափահաս զաւակներուն կեանքին ու պատմութեան:
Արմէնը ֆիլմով կը յաւերժացնէ զգացումներով զեղուն այս հանդիպումը եւ մերթ ընդ մերթ հարցեր կու տայ հայուհի Խանըմի աղջկան Շամա՛այի. ես կ՛ամբողջացնեմ, կը թարգմանեմ: Առանց նախաբանի Շամա՛ա կ՛ըսէ, թէ հայ կիները մահացած են այլեւս, հիմա կան անոնց զաւակները միայն: Ան կը պատմէ, թէ մայրը եւ կեսուրը՝ Արաքսին, Աստուածաշունչ կը կարդային մինչեւ իրենց կեանքին վերջին օրը, նաեւ կը հաստատէ որ շատ մը Ապու Տարուիշներ երկկողմանի հայ են, թէ՝ հօրենական մեծ մօր եւ թէ՝ մօրենական մեծ մօր կողմէ..: Հայաստանի իրադարձութիւններով հետաքրքրուած, անոր վերելքով ուրախ էին անոնք, բայց 1988ի երկրաշարժը մեծ ցաւ պատճառած է բոլորին:
Մեր այցելութեան լուրը գաղտնի չի մնար. Ապու Տարուիշներուն համար հաճելի է հայեր տեսնելը: Ինչպէս կ՛ակնկալէինք, տունը հետզհետէ կը լեցուի հիւրասիրութեամբ զբաղած երիտասարդ-երիտասարդուհիներով, մանուկներով եւ պատանիներով ու գերդաստանի միւս անդամներով, եկած՝ ծանօթանալու իրենց մեծ մայրերուն արիւնակիցներուն: Կու գայ նաեւ Շամա՛այի տագրոջ տղան՝ Տայֆը: Հուժկու պետեւի մը, համակրելի դէմքով եւ մելամաղձոտ աչքերով, գլխուն ճերմակ «Լաֆֆահա» եւ սեւ «Ակալ», երկար ճերմակ «Կալլապիյէ»ով, որ կը խօսի սահուն անգլերէն, զգուշ կը մօտենայ ինծի: Գիտե՞ս, կ՛ըսէ ան, 6-7 տարեկան էի, լաւ կը յիշեմ, թէ Արաքսի մեծ մամաս կը քնացնէր զիս երգելով: Կը յիշե՞ս երգը, կը հարցնեմ: Տայֆ չի յիշեր մեծ մօրը օրօրը, բայց ակնկալութեամբ կը սպասէ: Ներշնչուած անոր տրամադրութենէն, սենէակին մէջ տիրող մթնոլորտէն եւ Արմէնին դրդրումով, կը սկսիմ մեղմ երգել.
«Քուն եղիր բալաս, աչերդ խուփ արա՝
Նախշուն աչերունդ քուն թող գայ վրայ.
Օրօր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի»:
Դուք տեսա՞ծ էք պետեւիի մը լացը. անապատի այս զաւակը, որ դեռ 20-25 վայրկեան առաջ չէր ճանչնար մեզ, դիւթուած, ետ կ՛երթայ 50 տարի եւ հաստատուն կաղնիի նման փլելով, անզուսպ արցունքներուն մէջէն «Այս երգդ՝ արեանս մէջ մորֆինի ազդեցութիւն կը գործէ», կ՛ըսէ ինծի… կրկնելով. «Ճիշդ աս էր, այս երգն էր:
Արաքսիին, Խանըմին, Աննային եւ միւս աղջիկներուն անապատի զաւակները, գիտակից իրենց ժառանգութեան՝ մասամբ հայ կը զգան, իսկ մենք երջանիկ ենք, որ պեղեցինք մեր էութէան հարազատ էջ մըն ալ…: