ՀՕՄի Քրեսենթա հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի հովանաւորած շաբաթօրեայ վարժարանի 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Յունիս, 2010ի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, վարժարանի սրահին մէջ:
ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ալին Հապէշեանի եւ վարչութեան անդամներ Աննա Պօղոսեանի ու Այտա Հայրիկեանի կողքին, ժամանակէն առաջ իրենց տեղերը գրաւած էին վարժարանի աշակերտութեան ծնողներն ու բարեկամները ու դպրոցի ծնողական յանձնախումբի անդամուհիները:
Հանդէսին բացումը կատարեց վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան, որ նախ իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց ծնողներուն: Մեծապէս գնահատեց շաբաթօրեայ վարժարանին հանդէպ անոնց ունեցած հաւատքն ու ցուցաբերած յարգանքը եւ մանաւանդ անոնց նիւթաբարոյական քաջալերանքը, վստահութիւնն ու անսակարկ զոհաբերութիւնը:
Տնօրէն Պետիկեան վեր առաւ նաեւ իր կազմին անսահման զոհաբերումը ու շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերը ուղղեց անոնց, յատկապէս՝ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի անդամուհիներուն եւ վարչութեան, Շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատու Մարինա Տէր Սարգիսեանին, որ ամէն Շաբաթ օր, անպայման դպրոց ներկայ գտնուելով՝ օգտակար կը դառնայ ամէն տեսակի կարիքներուն: Տնօրէն Պետիկեան նաեւ հրապարակեց գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսքեր վարժարանի ուսուցչական կազմի անդամներուն, որոնք վարժարանի վերելքին ու ուսումնական մակարդակին նկատմամբ անսակարկ աշխատանք կը տանին. ապա մէկ առ մէկ բարի յիշեց իր ուսուցչական կազմի անդամները՝ Մարօ Գույումճեան, Մարօ Թիւթելեան, Լիզա Պետիկեան, Մայտա Գոճանեան ու Նոյեմի Լոգմանեան, ինչպէս նաեւ սիրայօժար ու կամաւոր կերպով օգնող պարմանուհիներ՝ Բալիկ Գոճանեան, Նայիրի Սվաճեան ու Մարիա Պօյաճեան:
Իր կարգին, ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ալին Հապէշեան իր պաշտօնական խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը, վարժարանի ուսուցչական կազմին ու յատկապէս տնօրէն Պետիկեանի աշխատանքն ու ճիգերը, եւ դիտել տուաւ, որ ուսուցչութիւնը զոհողութիւն եւ նուիրում է նախքան մասնագիտութիւն ըլլալը, միաժամանակ շեշտելով ՀՕՄի սրբազան պարտականութիւններէն՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար, յատուկ տարուած աշխատանքներն ու զոհողութիւնները: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն՝ անոնց ներդրումին այս վարժարանը բարգաւաճ դարձնելու գործին, նաեւ անոնց օժանդակութեան եւ վստահութեան համար:
Այս առթիւ, ատենապետուհի Հապէշեան վարչութեան անունով, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, յատկանշական նուէրներ յանձնեց բոլոր ուսուցչուհիներուն եւ տնօրէնին:
Ապա աշակերտները, դասարանային կարգով եւ ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, սրահ մտան ներկաներու խանդավառ ծափողջիւններով, եւ բաւական ճոխ ու կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին:
Այսպէս, նախ օրուան հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտութեան կողմէ Տէրունական աղօթքի եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ՝ ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ վարժարանի երգի ուսուցչուհի Նոյեմի Լոգմանեանի:
Ապա յաջորդեց տնօրէն Պետիկեանի գրած եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններուն նուիրած «ՀՕՄի Վարժարան» եւ աշակերտական խմբերգները:
Այնուհետեւ, աշակերտները, փոքրերէն մինչեւ մեծահասակները, իրենց դասարաններու կարգով կատարեցին խմբային թէ առանձին զանազան արտասանութիւններ եւ մանկական ու ազգայնաշունչ երգեր:
Հետաքրքրական էր տեսնել ներկաներու եւ յատկապէս ծնողներու արտայայտութիւնները եւ ուրախութեան բացագանչութիւնները:
Աշակերտները, յատկապէս մանուկները, շատ գրաւիչ կերպով իրենց անմեղութեան կողքին ներկայացուցին իրենց սորված արտասանութիւններն ու երգերը՝ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառելով սրահի ծնողներուն եւ յատկապէս մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն:
Հայերէն զանազան երգերով եւ արտասանութիւններով հարստացած յայտագիրին ընթացքին հրամցուեցան նաեւ պարեր: Այսպէս, սպանական պարով ելոյթ ունեցաւ փոքրիկն Ամանատա Պօզիկեան, իսկ հայկականով՝ Քրիսթին Մաթոսեան: Վերջին՝ բարձրագոյն կարգի աշակերտները ներկայացուցին տնօրէն Պետիկեանի հեղինակած եւ պատրաստած «Տարեդարձի նուէրներ» աշակերտական տրամախօսութիւնը, որ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Ապա, սրտի յատուկ խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ վարժարանի ծնողներէն եւ օրուան հիւրասիրութեան պատասխանատուներէն Արաքսի Գէորգեանը, Սեւան Սէմէրճեանն ու Սալբի Պետոյեանը, որոնք առ ի գնահատանք՝ մէկական ծաղկեփունջեր եւ խորհրդանշական նուէրներ յանձնեցին ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին:
Կրկնելու գնով կարելի է շեշտել, թէ ամբողջ տարուան մը ճիգին եւ աշխատանքին արդիւնքն էր այս յայտագիրը, որուն շնորհիւ ներկաները փոխադրուեցան դէպի մանկական հրաշալի աշխարհ, որ կը պատկանի միայն հայ մանուկներուն:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ վարժարանի ծնողներու կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն եւ վիճակահանութիւն, որուն անուշեղէններու բաժինը ճոխացուցած էր ծնողք Նայիրի Հաճինեանը:
Ամավերջի հանդէսի պաշտօնական բաժնի աւարտին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներէն ստացան վիճակացոյցներ, իսկ Ծնողական յանձնախումբին կողմէ՝ յատուկ նուէրներ:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Յանձնախումբին կողմէ)