ԱՆԳԱՐԱ.- Կարսի նահանգապետ Ահմետ Կարա մեկնաբանած է օրեր առաջ եղած յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակ յղած է Կարսի եւ Իգդիրի նահանգապետներուն՝ խնդրելով տեղեկութիւն փոխանցել այն մասին, որ եթէ որոշում կայացուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները բանալու վերաբերեալ, ապա ի՞նչ ժամկէտներու մէջ կարելի է զայն իրականացնել:
Նահանգապետը յայտնած է, թէ թրքական կառավարութիւնը մտադիր չէ որեւէ գիտարուեստական աշխատանքներ կամ բանակցութիւններ իրականացնել՝ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու համար, այնքան ատեն, որ Ատրպէյճանի հողերը կը գտնուին Հայաստանի գրաւման տակ: «Քանի դեռ Ատրպէյճանը համաձայնութիւն չէ տուած եւ անոր հողերը չեն վերադարձուած, սահմաններու բացման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», յայտարարած է Կարսի նահանգապետը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.