Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ ժողովականութիւնը Չորեքշաբթի, 7 Յուլիսի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանատունէն տրուած հաղորդագրութենէ մը իմացած են, որ իր մահկանացուն կնքած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի ծերունազարդ հայրը՝ Յարութիւն Քէշիշեան։
Մահը պատահած է Չորեքշաբթի, 7 Յուլիսի առաւօտուն։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ Հինգշաբթի, 8 Յուլիսի յետմիջօրէին, ժամը 2ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։
Այս տխուր առիթով, առաջնորդը, յանուն արեւմտեան թեմին մէջ ծառայող միաբաններուն, հոգեւորականաց դասուն, կրօնական ժողովին, ազգային վարչութեան, ցաւակցական գիր մը յղեց վեհափառ հայրապետին, վշտակցութիւն յայտնելով կորուստին համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.