ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը իր թիւ 5 հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 9ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դէմ դատ բացած է։ Բացուած դատին պատճառաբանութիւնն է՝ նախորդ դիմումներուն պատասխան ստացած չըլլալը, ինչ որ մարմինին կողմէ մերժում նկատուած է: Այս պատճառով, նախաձեռնարկ մարմինը կը պահանջէ, որ այդ մերժումը ջնջուի։
Նախաձեռնարկ մարմինը յիշեալ կարճ հաղորդագրութեան մէջ դիտել կու տայ նաեւ, որ օրինական միջոցներով դիմում պիտի կատարուի պատրիարքի ընտրութեան դէմ յարուցուած այլ արգելքներուն համար։
«Ընդունինք, որ բաւական շփոթ կացութիւն մը կայ այս գործընթացին մէջ եւ դուրսէն դիտողներու համար շատ ալ հասկնալի չէ, թէ ի՛նչ կ՛անցնի, կը դառնայ պատրիարքարանի, Նախաձեռնարկ մարմինի ու իշխանութիւններու եռանկիւնին մէջ։ Յայտնի է, որ նախաձեռնարկ մարմինը ինքզինք կը զգայ իր գոյութիւնը արդարացնելու ու իր պարտականութիւնը կատարելու դիրքին մէջ, եւ այն տպաւորութիւնը կը թողու նաեւ, որ սկսած է գործելու պատրիարքարանէն անկախ կերպով։ Ինչպէս յայտնի է, կուսակալութենէն ստացուած պաշտօնական յանձնարարագրին մէջ դիտել տրուած էր, որ պատրիարքի ընտրութիւն չէինք կրնար ընել, ուստի Նախաձեռնարկ մարմինի գոյութիւնն ալ օրինաւոր չի նկատուիր։ Մեր կարծիքով, կուսակալութենէն եկած այս մեկնաբանութիւնը վիճելի է: Նախաձեռնարկ մարմինը օրինաւոր հիմք ունի քանի որ համայնքը ճամբայ ելած է պատրիարք մը ընտրելու համար եւ քանի որ կը պնդէ պատրիարք ընտրելու իր իրաւունքին վրայ։ Ուստի նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է պահէ իր գոյութիւնը։ Բայց պայման մը կայ։ Նախաձեռնարկ մարմինը առողջ երկխօսութիւն պէտք է ունենայ պատրիարքարանին եւ Կրօնական ժողովին հետ, քանի որ այս մարմինը անոնց կողմէ հիմնուած է աթոռակից պատրիարքի մը ընտրութեան նպատակով։ Այսպիսի առողջ երկխօսութեան մը բացակայութիւնը անցեալ անգամ ահաւասիկ մեզ առաջնորդած էր այսօրուան շփոթ կացութեան։ Մենք միշտ կը պնդենք, որ հարցը յստակ կերպով պէտք է դրուի Անգարայի բարձրագոյն իշխանութեան սեղանին վրայ, եւ վստահ ենք, որ իշխանութիւնները կրնան այս հարցին նայիլ նոր տեսանկիւնէ մը։ Բայց այս դիմումը պէտք է կատարուի միասնական ոգիով ու համայնքային միահամուռ վճռականութեամբ։ Թէ ինչ ըսել կ՛ուզենք՝ յայտնի է», կը գրէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.