ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, սահմանադրական բարեփոխութեանց հանրաքուէի պատրաստութեան առնչութեամբ իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան առաջնորդ Մասում Թիւրքերին, որ որոշած է «ո»չ քուէարկել հանրաքուէին: Հանդիպման աւարտին Թիւրքեր ըսաւ, որ օգտաշատ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է հանրաքուէին ու շարք մը այլ նիւթերու մասին եւ վարչապետը հետեւեալ կէտերուն շուրջ բացատրութիւններ տուած է.
1. Սահմանային վտանգաւոր գիծերը պիտի պաշտպանուին արհեստավարժ զինուորներու կողմէ, որոնք 5-10 տարի միայն այս պարտականութիւնը պիտի կատարեն, ապա անոնց հատուցում պիտի վճարուի ու հանրային այլ գործ պիտի հայթայթուի։
2. Երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով լրտեսական աշխատանքներուն նոր թափ պիտի տրուի։
3. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ին մէջ կառավարութիւնը բանակին բոլոր պահանջներուն պիտի ընդառաջէ ու 150 նոր պահականոցներ պիտի կառուցէ:
Թիւրքեր շեշտած է, թէ արհեստավարժ նոր սահմանապահ ուժը պաշտպանութեան համար, պէտք է գործէ օրէնքի սահմաններուն մէջ, ու աւելցուցած է, թէ սահմաններու որոշ կէտերու վրայ պէտք է կառուցուին ելեկտրական ու իսկական պատեր՝ ապօրինի անցքերը արգիլելու համար: Ան շեշտած է նաեւ, թէ պէտք չէ արտօնուի, որ «Էրկենեքոն»ի դատավարութիւնը վնաս հասցնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։
Միւս կողմէ, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեվլեթ Պահչելի, որ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ հանրաքուէով առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութեանց, բացատրեց, թէ իր կուսակցութիւնը «ո»չ պիտի քուէարկէ, որովհետեւ փոփոխութիւնը «Թուրքիոյ ապսպրուեցաւ դուրսէն», ու իր կուսակցութեան կարծիքը չհարցուեցաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.