ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուեալներով, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան Յուլիս 27ին խորհրդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան ոլորտի պատասխանատուներուն եւ շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին, հացահատիկներու բերքահաւաքի արդիւնքներուն մասին զեկուցած է գիւղատնտեսութեան նախարար Ա. Ծատրեան, որուն փոխանցումով, Արցախի շուրջ 46 հազար հեքթար արտերէն հնձուած է աւելի քան 38 հազարը, իսկ մէկ հեքթարի միջին բերքատուութիւնը կազմած է ընդամէնը 680 քիլօ:
Վարչապետը նկատել տուած է, որ այս տարի հացահատիկներու քիչ բերքատուութիւնը համաշխարհային հիմնախնդիր է, որուն իբրեւ հետեւանք, կը սպասուի ցորենի գինի աննախադէպ բարձրացում:
Խորհրդակցութեան ընթացքին նաեւ քննարկուած է կարկտահարուած դաշտերու սեփականատէրերուն պետական օժանդակութիւն ցուցաբերելու հարցը: Վարչապետը գիւղատնտեսութեան նախարարին յանձնարարած է ստեղծել իր իսկ գլխաւորութեամբ յանձնաժողով մը, եւ քսանօրեայ ժամկէտի մէջ ուսումնասիրել տուժած հողատարածքները: Կը նախատեսուի տուժողներուն նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել:
Անդրադառնալով գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ պետական աջակցութեան խնդիրին՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ վերաբերմունքը պիտի խստացուի ու այսուհետ պետութիւնը պիտի օժանդակէ միայն հողը բարեխիղճ կերպով օգտագործողներուն:
Յառաջիկայ աշնանացանի կապակցութեամբ նշուած է, որ վարկաւորում պիտի ստանան այն հողօգտագործները, որոնք մինչեւ Սեպտեմբեր 1 կատարած կ՛ըլլան առաջին հերկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.