ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկրի քաղաքական ղեկավարութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հանդիպման հրաւէր ուղղած էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որ ընդառաջելով հրաւէրին՝ Երեքշաբթի այցելեց Պաապտա։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, որոնց ծիրին մէջ՝ Լիբանանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։
Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Յ. Բագրատունի ընդգծեցին Լիբանանի հարցերը ազգային երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը՝ հեռու մնալով երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու փորձերէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.