Էջը պատրաստեց՝
ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Մայիսի վերջաւորութեան Բրիտանիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկուն միջոցով օթիզմի հետ առնչուած յաւելեալ ծիներ յայտնաբերուած են։ Ուսումնասիրութիւնը կատարող բրիտանացի խումբ մը հետազօտողները ըսած են, թէ պիտի փորձեն հաստատել, թէ ծինային յատուկ քննութիւններ կրնան նպաստել օթիզմի սկզբնական ախտաճանաչում կատարելու գործընթացին։ Անոնք նշած են նաեւ, թէ նոր ծիներու յայտնաբերումը պէտք է նպաստէ օթիզմի ախտանշանները նուազեցնող տարբեր դեղամիջոցներու պատրաստութեան։
Կարգ մը ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, ներկայիս Բրիտանիոյ մէջ մօտաւորապէս կէս միլիոն հոգի տարբեր տարողութիւններով օթիզմէ կը տառապի, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր այլ պարագաներ՝ աշխարհի տարածքին տարբեր երկիրներու մէջ։ Անոնց մեծամասնութիւնը համեմատաբար բնականոն կեանք մը կ՛ապրի, մինչ մաս մըն ալ յատուկ ու յարատեւ հոգատարութեան ու նեցուկի պէտք ունի, նկատի ունենալով, որ օթիզմ ունեցողները ֆիզիքական ու հոգեբանական տարբեր հարցերու առընթեր, լուրջ դժուարութիւն ունին միջավայրին հետ կապի մէջ մտնելու, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ գրեթէ կը բացակայի անմիջական միջավայրին ներկայութիւնը նկատելու կարողութիւնը։
Վերջին քանի մը տարիներուն օթիզմի հետ առնչուած ուսումնասիրութիւններ կատարող մասնագէտներ յաճախակիօրէն կրկնած են, թէ ծինային կերտուածքներու մէջ յառաջացած տարբեր տեսակի փոփոխութիւններ ուշագրաւ ազդեցութիւն ունին օթիզմի յառաջացման մէջ, սակայն ցարդ կարելի եղած է յայտնաբերել միայն ութ եւ կամ ինն ծիներ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են օթիզմի հետ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի վերջերս Բրիտանիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, ապա հետազօտողները ծինային կերտուածքներու մէջ յառաջացած շատ աւելի մեծ թիւով փոփոխութիւններ կրցած են ճշդել, որոնք առնչուած են օթիզմի հետ։ Անոնք իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են օթիզմ ունեցող աւելի քան հազար պարագայ։
Հետազօտողները հաւանական գտած են, որ օթիզմի հետ առնչութիւն ունեցող ծիներուն թիւը կրնայ հասնիլ երեք հարիւրի։
Անոնք ըսած են նաեւ, որ այդ ծիներէն մաս մը կրնայ որոշ դերակատարութիւն ունենալ ուղեղի բջիջներուն միջեւ կապեր զարգացնելու գործընթացին մէջ, իսկ մաս մըն ալ կրնայ առնչութիւն ունենալ ուղեղի բջիջներուն մէջ ազդանշաններ ղրկելու գործընթացին հետ։
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող հետազօտողներէն փրոֆ. Թոնի Մոնաքօ ըսած է, թէ նման ուսումնասիրութիւն մը հետագային կրնայ նպաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշգրիտ ախտաճանաչումը կատարել օթիզմէ տառապող մարդոց ուղեղին թերացում արձանագրած բաժիններուն։
«ԹԵՐԻ» ԾԻՆԵՐ
Փրոֆ. Մոնաքոյին համաձայն, նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները կրնան նպաստել նաեւ օթիզմի կարգ մը ախտանշանները մեղմացնող նոր դեղահատերու պատրաստութեան։ Նման դեղահատեր շատ հաւանաբար տրուին գլխաւորաբար անոնց, որոնց մօտ բաւական յառաջացած է նշեալ հիւանդութիւնը։
Այսուհանդերձ, հետազօտողները հետամուտ են գործակցելու նաեւ դեղահատեր պատրաստող ընկերութիւններու հետ։ Անոնք նշած են, որ կարգ մը դեղահատեր, որոնք արդէն իսկ պատրաստուած են օթիզմի կարգ մը ախտանշաններուն նմանող ախտանշաններ մեղմացնելու համար, կրնան բաղադրութեան որոշ փոփոխութիւններ կրելով՝ օգտակար դառնալ օթիզմէ տառապող հիւանդներուն։
Անոնք հետամուտ են նաեւ օթիզմի հետ առնչուած բոլոր ծիները ցուցակագրելու յաջորդող երկու տարուան ընթացքին։
Փրոֆ. Մոնաքօ բացատրած է, որ օթիզմի հետ առնչուած այդքան մեծ թիւով ծիներու յայտնաբերումը կրնայ որոշ չափով բացատրել, թէ ինչո՛ւ այդ հիւանդութիւնը տարբեր ձեւով կը յայտնուի իւրաքանչիւրին մօտ։ Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր հիւանդ օթիզմը դրսեւորող թերի ծիներու իւրայատուկ բաղադրութիւն մը կը կրէ իր մարմնին մէջ։
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ՝
Հետազօտողները նշած են, որ նման ուսումնասիրութիւն մը վեր կ՛առնէ նաեւ ծինային յատուկ քննութիւններ զարգացնելու հեռանկարը, որոնց կիրարկումը կրնայ օթիզմի յառաջացման վտանգին հակամէտ ըլլալու իրողութիւնը ճշդել՝ տակաւին անոր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ եղած ատեն։
Միւս կողմէ, սակայն օթիզմի մասնագէտ տոքթ. Ճինա Կոմեզ որոշ վերապահութիւն յայտնած է նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքներուն կապակցաբար, նկատի ունենալով, որ օթիզմի հետ առնչուած հետազօտութիւնները շարունակ եղափոխութեան մէջ են, եւ անոր յստակ պատճառները ցարդ կը մնան անորոշ։ Ան կը նախատեսէ, որ տակաւին երկար է շարքը կատարուելիք ուսումնասիրութիւններուն՝ նախքան վերջնական արդիւնքներու յանգիլը, քանի որ օթիզմը բաւական բարդ հիւանդութիւն մըն է, եւ անոր հետ առնչուած որեւէ ուսումնասիրութենէ ձեռք ձգուած արդիւնք յաւելեալ հիմնաւորումներու կը կարօտի։
Թէեւ տոթք. Կոմեզ չափազանց կարեւոր ու անյետաձգելի գտած է այս հանգրուանին ուսումնասիրութիւնը շարունակելը, միւս կողմէ, սակայն, ան անհրաժեշտ նկատած է, որ պատշաճ ու յստակ ցուցմունքներն ու տեղեկութիւնները տրուին օթիզմէ տառապողներուն հոգատարութեամբ զբաղող ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ՝ օթիզմի պարագաներ խնամող հաստատութիւններուն, քանի որ ճիշդ ժամանակին ճշգրիտ հոգատարութիւն ցուցաբերելը կրնայ հսկայ փոփոխութիւն յառաջացնել մարդոց կեանքին մէջ։
—————————————————————————————————————————–
Օթիզմի Հայ Օժանդակ Մարմին
Օթիզմի Հայ Օժանդակ Մարմինը )ՕՀՕՄ( հայ կամաւոր մասնագէտներէ եւ ծնողներէ բաղկացած մարմին մըն է, հիմնուած 2006 թուականին։ ՕՀՕՄի նպատակն է Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ դաստիարակել, տեղեկութիւններ փոխանցել եւ նեցուկ կանգնիլ բոլոր այն ծնողներուն, դաստիարակներուն եւ յարակից մարդոց, որոնք կապ ունին օթիզմով տառապող երեխաներու հետ։
ՕՀՕՄի գործունէութեան մաս կը կազմեն, ուսուցիչներու վերապատրաստման դասախօսութիւններ, ծնողներու հետ տեղեկատուական եւ օժանդակային հանդիպումներ, ընտանեկան հաւաքոյթներ։ ՕՀՕՄը նաեւ հեռատեսիլի յայտագիր կը ներկայացնէ «Հորիզոն»ի կայանէն, ամէն ամիս, վերջին Չորեքշաբթի օրը, երեկոյան ժամը 8:20-9:00 , որու ընթացքին դիտողները հեռախօսով կրնան մասնակցիլ զրոյցին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.armenianautismoutreach.org կամ հեռաձայնել 818-542-2267