«Երեւակլուր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ Սան Պարթոլոմիօ քաղաքին մէջ Օգոստոս 1ին աւարտած «Ճովանի Թալենթի» երիտասարդ երաժիշտներու 25րդ միջազգային մրցանքին յաղթանակ արձանագրած է Հայաստանի ներկայացուցիչ 12ամեայ Միքայէլ Ճաղարեանը։
Փերկոլեզիի, Ռախմանինովի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու կատարումը պատանի հայ սրնգահարին արժանացուցած է փչողական գործիքներու մրցոյթի առաջին մրցանակ՝ «Փրիմիօ Ռովերէ տ՛Օրօ 2010»ին։
Միքայէլ Ճաղարեան Երեւանի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի 5րդ դասարանի ուսանող է։ Ան Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի թոռն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.