ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Եթէ Շա՜տ Զայրացած Ես…
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Համբերութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը թէեւ իրարմէ կը տարբերին, սակայն երկուքին պարագային ալ հաւասարապէս, ժամանակին վրայ իշխելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուի մարդ էակը: Երբ համբերութիւն խնդրուի մեզմէ այնպիսի կացութեան մէջ որ մեզ ջղագրգիռ կը դարձնէ, ժամանակը այնքան կը դանդաղի, որ կանգ առած ըլլալ կը թուի: Հանդուրժողութեան պարագային եւս նոյնն է: Անհանդուրժելի անձին ներկայութիւնն իսկ բաւական է, որ ժամացոյցի սլաքները անշարժանան, ու ժամանակը սառի:
Տարիներ առաջ իմաստուն խօսքերու հաւաքածոյ գիրքի մէջ կարդացած եմ չորս պարագաներու մասին, իբրեւ չորս ամէնէն աւելի անհանդուրժելի կացութիւնները մարդկային փոխ-յարաբերական կեանքին. ա)ծառան՝ երբ թագաւորէ, բ) յիմարը՝ երբ հացով կշտանայ, գ)ատելի կինը՝ երբ ամուսնանայ, դ)աղախինը՝ երբ տանտիկնոջ ժառանգակից դառնայ:
Ծառան անհանդուրժելի ոչինչ ունի, երբ իր պարտականութիւնները լաւ կը կատարէ: Նոյնպէս յիմարը՝ երբ իրեն սահմանուած չափին մէջ կը մնայ: Ատելի կինը անգամ հանդուրժելի կ՛ըլլայ, երբ նուաստացած իր վիճակին մէջ գտնուի ու վնաս չհասցնէ քեզի, իսկ աղախինը՝ երբ իր համեստ աշխատանքով ծառայութիւններ մատուցէ միայն, ի՞նչ վտանգ կրնայ սպառնալ տանտիկնոջ դիրքին կամ հարստութեան: Սակայն, այս չորսն ալ անհանդուրժելի կը դառնան, երբ փորձեն իրենց անձին, իմացական վիճակին, նկարագրին ու հանգամանքին խոտոր հանդիսացող ու իրենցմէ շատ բարձր դիրքեր գրաւել, եւ համահաւասար իշխանութիւն ունենալ այդ դիրքերուն հասնելու համար մեծ ճիգ թափած ու վաստակաւոր անձերուն հետ:
Զայրոյթը կամ բարկութիւնը բնական երեւոյթ է իբրեւ զգացում, եւ անբնական ոչինչ ունի, երբ յայտնուի փոխ-յարաբերական կեանքի մէջ: Ո՞վ չի բարկանար երբ իրեն համար անհաճոյ կացութեան դիմաց գտնուի: Մանաւանդ երբ անիրաւութիւն ու անարդարութիւն յայտնուի իր անձին կամ շրջապատին առնչուած: Սակայն, այս զգացումը անբնական կը դառնայ ու վտանգաւոր, երբ շարժումի մէջ դրուի՝ գործի վերածուի: Սաղմոսներու հեղինակը կը գրէ, թէ նոյնիսկ եթէ բարկանանք իբրեւ մարդիկ, պէտք չէ՛ մեղանչենք: Այսինքն՝ մեր բարկութիւնը մեզ պէտք չէ մղէ մեղքի, ուրիշ խօսքով վատ արարքի, ինչպէս է խօսքի կամ ֆիզիքական վիրաւորանքը, մինչեւ իսկ սպանութիւնը:
Բարկութիւնը ունի անշուշտ իր պատճառները, որոնք կրնան թէ՛ արտաքին եւ թէ մանաւանդ ներքին ըլլալ: Առաջիններու պարագային յստակ են, թէ անոնք կու գան ուրիշներէ, որոնք մեծ մասամբ մեր հակակշռէն դուրս են: Սակայն, կան նաեւ բարկութեան կամ զայրոյթի ներքին պատճառներ, որոնց պատասխանատուն մենք ենք եւ ո՛չ ուրիշներ: Մեր կեանքի ամէնէն վաղ տարիներէն ի յայտ եկող ներքին զգացում է այս, որուն յաճախ անդրադառնալու առիթը չենք ունենար:
Ընտանիքի մայրը կը պատմէր, թէ իր վեցամեայ դստեր երբ հարց տուած է թէ կ՛ուզէ՞ր եղբայր ունենալ: Աղջնակը ահագին զայրոյթով ժխտական պատասխան տուեր էր, տան մէջ իր առանձնաշնորհումները վտանգուած զգալով: Տակաւին անչափահաս տարիքի մէջ արտայայտուող այս բարկութիւնը, կազմաւորման իր ընթացքը ունի բնականաբար: Իսկ ո՞վ կը յաջողի մարդկային բարկութիւնը դաստիարակելու կամ զսպելու համար աստիճանաւոր զարգացում նշանակել նախօրօք: Ծնողներու համար իսկ դժուար աշխատանք է այդ, չըսելու համար երբեմն անկարելի: Երբ մարդ ի՛նք չի յաջողիր բարկութեան պահուն հակակշռի տակ առնել իր անձը, ալ ո՜ւր մնաց որ ուրիշը կարենայ զսպել զայն, նոյնիսկ համոզկեր խօսքերով կամ խոստումներով: Նման պահերու, մարդու լսողական զգայարանքները ժամանակաւորապէս կը փակ-ուին արտաքին հանդարտեցուցիչ ձայներու դիմաց, եւ միայն զայրոյթի զգացումն է որ բարձրաձայն «վրէ՜ժ» կը գոռայ:
Մարդու անհատական փորձառութիւնը այս գծով, ինքնազսպումի որոշ միջոցներ ձեռք բերած է, համաձայն իր ստացած դաստիարակութեան կամ կանուխ տարիքի կազմաւորման: Օրինակ, կրօնական դաստիարակութիւնը մանկական հոգին կրթելու այնպիսի յատկութիւն ունի, որ անոր նկարագրի ամէնէն սրածայր անկիւններն անգամ կ՛ողորկէ: Կիրակնօրեայ դպրոցներու նուիրեալ ուսուցչական կազմերը, իրենց անձնական կեանքի օրինակով այնպիսի տպաւորութիւն կրնան գործել մանկական հոգիներու վրայ, որ այլապէս հազար խրատականներով կարելի պիտի չըլլար տալ անոնց իբրեւ դաստիարակութիւն: Կամ, առօրեայ դպրոցի մէջ, մարզական խաղերու պատասխանատու խմ-բապետը, մարզական ոգիով՝ երբեմն պարտուելու, բայց միշտ դէպի յաղթանակ ձգտելու իր տուած դաստիարակութեամբ, մեծ ազդեցութիւն կրնայ գործել իրեն յանձնուած մատղաշ հոգիներուն վրայ: Այսպէս, պարտութեան պարագային, յուսալքումին ընկերացող զայրոյթի ու վրէժխնդրութեան զգացումը մարզիչը կրնայ փոխարինել, յաջորդ խաղին համար աւելի լաւ պատրաստուելու վճռակամութեամբ, որ բարկութեան կրակը եթէ ոչ ամբողջովին, գէթ մասամբ կրնայ մարել:
Ոտնագնդակի աշխարհի ախոյեանութեան առիթով ինչքա՜ն տարօրինակ երեւոյթներու հանդիսատես կը դառնայ աշխարհ: Յաղթական խումբի համակիրներ, թէ՛ իրենց յաղթանակը տօնելու իբրեւ նշանակ, եւ թէ պարտուող խումբին համակիրները ջղայնացնելու նպատակով, դատարկ դագաղի վրայ, պարտուող խումբին դրօշը կը ծածկեն, ու թաղերու մէջ ուսամբարձ կը պտտցնեն, այդ խումբին «մահը» ծիծաղի առարկայ դարձնելու համար: Իսկ այդ խումբին համակիրները չդիմանալով այս անարգալից վերաբերումին, հանդէպ իրենց նախասիրած խումբին, փոխ-վրէժով կը հակադարձեն, յարձակելով «թաղմանական թափօր»ին վրայ, ու հարուածներ հասցընելով օյուղարկաւորներուն»: Իրական կեանքի տխուր պատկերներ են ասոնք, երբեմն նոյն ազգի զաւակներուն միջեւ պատահած:
Զայրոյթի առիթներ բնա՛ւ պակաս պիտի չըլլան մեր կեանքին մէջ: Ամէն մէկ քայլափոխի կարելի է բարկանալ, մեր նկատմամբ գործադրուած անարդարութեանց համար: Երրորդ աշխարհեան երկիրներու մեքենավարութեան անկանոնութիւնը ամէնէն աւելի դիւրաւ բարկանալու առիթ է, իր առօրեայով այնքան ծանրաբեռն քաղա-քացիին համար: Երբեմն ճամբայէն նոր տուն մտնող մեքենավարը, ճամբուն ընթացքին ունեցած դժուարութեանց կուտակուած զայրոյթը կը թափէ տնեցիներուն վրայ, որոնք ո՛չ մէկ առնչութիւն ունէին ճամբու «հարցերուն» հետ, եւ որոնք անուղղակի զոհը կը դառնան իրենց հարազատի զգացած զայրոյթին:
Հիներ ջղայնացած մարդը հանդարտեցնելու կերպեր ունէին, հիմնուած իրենց փորձառութեան վրայ: Այսպէս, անոնք կը թելադրէին «մինչեւ տասը հաշուել»: Այսօրուան աշխարհը իր ջղագրգռութիւն պատճառող հարցերով շատ աւելի բարդ դարձած է: Ուստի, եթէ հիներուն մեթոտը թեթեւ բարկութեանց պարագային արդիւնք կրնայ տալ, հապա ի՞նչ ընել, երբ այսօրուան կեանքը աւելի՛ զայրացնող երեւոյթներու դէմ յանդիման կը դնէ մեզ:
Լուծումը հետեւեալն է. եթէ շա՜տ զայրացած ես, տասի փոխարէն մինչեւ 100 պիտի հաշուես: Վերջ:
Mets hajooykov kartatsi ays hetakrkir hodvats@. Arajm@s minchev hazar khashvim…….shat shat “zayratsats” em.