ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սպտեմբեր 19ին բացումը պիտի կատարուի վաղամեռիկ Ռիթա Սապունճեան-Տէմիրճեանի անուան գրական եւ արուեստի հատընտիրներու հաւաքածոյին, Կլենտէյլի Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնէն ներս։
Ռիթա Տէմիրճեան երկար տարիներ եղած է «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանայինի վարչութեան կողմէ հովանաւորուած Աւանթոյթներու (Heritage) միաւորի պատասխանատու անդամներէն մին։ Ան նաեւ երկար տարիներ ստանձնելով «Սարտարապատ» գրախանութի տնօրէնի պաշտօնը, զայն հասցուցած է ներկայ նախանձելի վիճակին։
Ռիթան, ըլլալով սիրահար հայ մշակոյթի եւ գրականութեան, այդ սէրը հասցուցած էր պաշտամունքի մակարդակին, իր ամբողջ եռանդը, ոյժը ու խանդը նպատակադրելով՝ հաւաքելու եւ սրբութեան պէս հոգալու, գոհարներ հայ գրականութեան, մշակոյթին եւ արուեստին առնչուող։
Իր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, Աւանդոյթներու միաւորը, գաղափարը յղացաւ Գարամանուկեան կեդրոնէն ներս տեղադրելու Ռիթային տարիներու տքնաջան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող իր հաւաքածոն:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն գիրք նուիրել սոյն նպատակին, վսահ ըլլալով, որ իրենց գիրքերը աչալուրջ պիտի պահպանուին, նաեւ օգտագործուին մասնագէտներու, ուսումնասիրողներու եւ հանրութեան կողմէ, կրնան դիմել «Սարտարապատ» գրախանութ, (818) 500-0790 թիւով կամ կապուիլ shoarslan@aol.com հասցէին, մանրամասնութիւններու համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.