ՀԱԼԷՊ.- «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Ֆելիքս Բախչինեան վերջերս Հալէպի հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի նախագահին, Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեանի, Սուրիոյ հայ աւետարանական կրթական խորհուրդին, գործադիր մարմնին եւ հոգեւոր հովիւներու, պարգեւատրումը կատարեց Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի՝ առ ի գնահատանք անոր երկարամեայ ծառայութիւններուն, հասարակական-քաղաքական-մարդասիրական գործունէութեան մարզերուն մէջ:
Մեծարեալը կրկնակի ուրախութեամբ ողջունեց հիւրերուն ներկայութիւնը՝ նշելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին զուգադիպող այս նախաձեռնութեամբ ինք մեծապէս պատուըուած կը զգայ: Հայկական ձեռագործ, գունագեղ հիւսուած կտաւ մը նուիրուեցաւ հիւրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.