ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Երջանիկ Զգալուն Գաղտնիքը
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մանկական վաղ տարիներէն, մարդկային հոգին կը ձգտի երջանկութեան: Միայն հոգեկան տագնապներու մէջ եղողներ, որոնք հալածախտի կամ ներքին մելամաղձոտ կացութիւններու մատնուած կ’ըլլան, երջանկութենէն կը հեռանան կամովին, կը փախչին ուրախութենէն, կը խրտչին խնդուքէ, ու աւելի ապահով կը զգան տխրութեան վարագոյրին ետին կենալով:
Կայ նաեւ այլ կարեւոր պատճառ, որ մարդիկ ապերջանիկ զգան, այդ ալ նախանձն է, իր ամէն չափերուն մէջ՝ բարի, միջակ, շատ կամ սաստիկ: Այսպէս, մէկուն հրապարակային խօսքը, ինչքան ալ սրտամօտ ու դիպուկ ըլլայ, բնաւ հաճելի չի՛ կրնար թուիլ այն անձերուն, որոնք նախանձով կ՛ունկնդրեն զանիկա: Այս պարագային նախանձը արգելք կը հանդիսանայ խօսքի էութեան թափանցելու: Վստահաբար արտասանուած ամբողջ խօսքի պահուն, մէկ նախադասութիւն ծայրէ ի ծայր չի կրնար լսել նախանձ ականջը, որուն մէջ այդ ժամանակ սպիտակի փոխարէն՝ սեւ բամպակ թխմուած կ՛ըլլայ:
Երջանկութեան առնչուած, տիեզերքի մէջ տիրապետող սովորութիւնը բաղդա-տականով կը յառաջանայ: Մարդիկ իրենք զիրենք գերերջանիկ, երջանիկ կամ ապերջանիկ կը զգան, յարաբերաբար ուրիշին: Բաղդատականի այս սովորութիւնը կիրարկելի է անշուշտ, ամէն բնագաւառէ ներս ու ամէն մակարդակներու վրայ:
Նիւթականի բնագաւառը ամէնէն աւելի աչքառու եւ մեծածախս բնագաւառը կը նկատուի առհասարակ: Երջանկութիւնը նիւթին ու նիւթական հարստութեան մէջ տեսնելու ունակութիւնը գրեթէ համայն մարդկութիւնը ունի, ինչքան ալ տարբեր խոս-տովանութիւններ ընեն մարդիկ, կամ՝ այլ յայտարարութիւններով իրենց աննիւթապաշտ ըլլալը ծանուցեն շրջապատին: Ճշմարտութիւնը այն է, որ հոգեւոր ապրումնե-րով իր կեանքը ապրողն ալ նիւթական այս աշխարհին մէջ բնակութիւն հաստատած է, ամբողջութեամբ աշխարհիկ հոգերով կլանուածն ալ կÿապրի այս երկրագունդին վրայ: Նիւթով ու նիւթականով տիրապետուած այս միջավայրէն դուրս չենք կրնար ըլլալ բնականաբար, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ ֆիզիքական անուրանալի մարմինով նաեւ գոյ ենք մեր շրջապատին համար: Այլապէս մարդիկ ոգի կամ երեւութական պիտի նկատէին մեզ:
Նիւթական աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ, հոգեկան արժէքներու հետամուտ ըլլալն է, որ կեանքին իմաստ ու խորք կու տայ, զայն տարբերելով անասուններու բնազդային ապրելակերպէն: Իսկ ամբողջովին նիւթական աշխարհին մէջ մխրճուիլը ո՛չ միայն վնասակար պիտի ըլլայ մեր քսակին, այլ մանաւանդ վտանգաւոր՝ մեր ներքին անձին, որովհետեւ նաեւ հոգեղէն գոյութիւն ենք իբրեւ մարդ արարածներ, եւ հոգին ալ սնունդի կարիք ունի:
Զարմանալի չէ՛ անշուշտ այն, որ երջանկութեան հետամուտ եղող երկու տեսակի մարդոց խումբերն ալ, թէ՛ հոգեկան արժէքներով իրենց կեանքը ապրողները, եւ թէ աշխարհիկ երջանկութիւն փն-տռողները, բաղդատականով կը յառաջանան: Միշտ ուրիշին հետ կը բաղդատեն իրենց անձը: Եթէ երկրորդներու պարագային ատիկա բնական երեւոյթ է, առաջիններուն համար՝ անբնական է: Որովհետեւ հոգեկան արժէքներով իր կեանքը իմաստաւորելու ճիգ թափող մարդը, միայն Աստուծոյ հետ իր անձը պէտք է բաղդատէ, թէ՛ համեստանալու համար, եւ թէ սրբութեան ու կատարելութեան ձգտելու նպատակով: Սակայն այդպէս չէ առհասարակ: Ասոնք իրենց անձին առաւելութիւնը կ՛ուզեն տեսնել յարաբերաբար ուրիշին, եւ իրենց այդ ճիգին մէջ արդէն կը մեղանչեն անգիտակցաբար:
Կ՛ըսեն, թէ երջանկութիւնը այս աշխարհի մէջ միայն մէկ անգամ կը հանդիպի մարդուն: Հարցուցէք անընդհատ վիճակահանութեան տոմս գնողներուն, թէ ի՞նչ կը սպասեն: Անոնք պիտի ըսեն, թէ իրենք միշտ այն յոյսով կը սպասեն, որ երջանկութիւնը օրին մէկը պիտի այցելէ իրենց: Ծանօթ բանաստեղծութիւն կայ, երգի ալ վերածուած, որ կը հաստատէ այս ենթադրութիւնը, թէ՝ երջանկութիւնը մէկ անգամ միայն կÿայցելէ մարդուն, իսկ երբ հեռանայ՝ իր այցետոմսը կը թողու: Անիկա կը թողու նաեւ այնպիսի հասցէ՝ զոր ոչ ոք կրնայ գտնել:
Երջանկութեան այս ասուպային վազքը կասեցնելով իրենց մօտ զայն քաշելու ճիգը ո՛չ միայն ճարպիկները կը կատարեն, այլ համայն մարդկութեան հոգիէն կը բխի նման ցանկութիւն, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ բնակութիւն հաստատէ այն: Արդեօ՞ք մարդիկ պիտի չձանձրանային, երբ երջանկութիւնը մնայուն կերպով իրենց մօտ ըլլար: Որովհետեւ մարդկային կեանքը տեւապէս փոփոխութիւն կÿակնկալէ աշխարհէն: Նոյնիսկ կարելի է մտածել թէ բնութիւնը եւս իր չորս եղանակներով, մարդը միապաղաղ կեանքէ դուրս բերելու կը ծառայէ:
Երջանիկ սիրով իրարու միացած ու նոյնիսկ զաւակներով բախտաւորուած ընտանիքներ, յանկարծ երջանկութեան պակաս զգալով կը գանգատին, սիրոյ բացակայութիւնը կ՛ողբան, միապաղաղ կեանքը ու նոյնութիւնը յանցաւոր կը գտնեն, եւ սիրտին ոյժ տալու փոխարէն՝ լեզուին ոյժ կու տան, որ զիրար անարգելու ամէնէն դիւրին միջոցը կը նկատեն գոհունակութեամբ:
Երջանկութեան յարաբերական ըլլալուն մասին շատեր կը խօսին, միշտ բաղդատականներ կատարելով օրինակ կու տան այս կամ այն մարդը կամ կինը, որ երջանիկ կեանք ունենալ կը թուի իրենց ակնոցով: Ցաւի ու տառապանքի մէջ արտասանուած զառանցանքի համազօր խօսք ու մտածում է այս, որովհետեւ չկայ կեանքի տեսակ կամ մարդ այս աշխարհի մէջ, արական թէ իգական, որ իր երջանիկ կարծուած բազմոցին տակ, փետտուած վարդի թերթեր չունենայ: Ամէնէն արքայական հան-գստաւէտ բազմոցներուն ու գահերուն ներքեւ ալ կարելի է գտնել նոյն՝ գեղեցիկ պատկերացուած վարդին փետտուած թերթերէն:
Յոռետեսական մօտեցում ըլլալէ աւելի, քաջալերական ու իրատեսական մօտեցում է այս, որ մեզ կը վարժեցնէ կեանքէն եկող ամէն տեսակ տառապանքի ու վիշտի: Երջանկութիւնը կորսնցնելը ցաւ է, ու վիշտ կը պատճառէ, ճի՛շդ է: Սակայն աւելի ցաւալին այն է, որ երջանկութիւնը կորսնցնելէ ետք՝ զայն վերագտնելու ճիգ չկատարէ մարդ: Եթէ նախապատրաստուած ըլլայինք երջանկութեան փախուստի ժամուն, շուտով զանիկա կրնայինք ձերբակալել, ու հազարումի միջոցներու դիմելով, կրնայինք գէթ հիւրի կարգավիճակ շնորհել անոր մեր տան մէջ, ցնոր տնօրինութիւն:
Երջանկութիւնը մեր կեանքին բաժինը դարձնելու կերպը կայ անշուշտ, որ տարիներու փորձառութեամբ ծանրաբեռն գլուխներու խօսքերով հաստատուած կանոն է: Երջանիկ զգալուն գաղտնիքը՝ ուրիշէն աւելի երջանիկ ըլլալ չուզելուն մէջ կը կայանայ: Ինքնաբաւ հոգին ամէնէն երջանիկ հոգին է: Իր ունեցածով, իր եղածով բաւարարուող անձը, ամէնէն երջանիկ մարդն է այս աշխարհի վրայ: Այս հաստատումին մէջ կը բովանդակուի նաեւ մարդուն ինքնաճանաչումը, որ իր կարողութեանց իրազեկ ըլլալով, չի՛ ձգտիր իրեն համար անկարելիին: Այսպիսով, ո՛չ անարժանաբար ուրիշներու տեղերը կը գրաւէ այս կեանքին մէջ, ոչ ալ այդ դիրքերուն իր անյարմարութեամբ ծիծաղելի կը դառնայ հանրութեան դիմաց: Նայէ՛ դուն քեզի, եւ պիտի տեսնես, որ արդէն իսկ երջանիկ ես: Ի՞նչ պէտք ունիս դուն քեզ աւելի երջանիկներուն հետ բաղդատելու: Ահա՛ իմացար գաղտնիքը երջանիկ զգալուն: