ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան» նախագահ Սավաշ Էղիլմեզ յայտարարութիւններ ըրած է Ղարաբաղ հարցի առնչութեամբ, պնդելով, որ Հայաստան լայնածաւալ աշխատանքներ կը տանի Ղարաբաղի հայ բնակչութեան թիւը 300 հազարի բարձրացնելու եւ մշակութային ենթահողի վրայ ատրպէյճանցիներու հետքերը սրբելու ուղղութեամբ։
Ըստ Էղիլմեզի, Հայաստան տարիներ առաջ պատրաստած էր «Վերադարձ դէպի Ղարաբաղ» անունով ծրագիր մը եւ այս ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելու համար այժմ զանազան միջոցառումներ կ՛իրականացնէ։
«Մէկ կողմէ հայ բնակչութեան թիւը կ՛աւելնայ, իսկ միւս կողմէ թէ՛ ժողովրդագրական եւ թէ մշակութային տեսակէտէ, թուրքերու հետքերը կ՛ոչնչացուին», ըսած է Էղիլմեզ, աւելցնելով որ մօտաւորապէս 20 հազար ատրպէյճանցիներ սպաննուած եւ 4 հազար ուրիշներ անհետ կորսուած են։ Ասոնց առընթեր, ատրպէյճանցիներէն մնացած հին յուշարձանները, մզկիթներն ու գերեզմանատուները մեծամասնութեամբ գետնի հաւասարած են։
Էղիլմեզ պնդեց նաեւ, որ Ղարաբաղ հայ եւ քիւրտ ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ թմրանիւթերու վաճառքի համար «ամենակարեւոր տարանցիկ երկիրներէն մէկը դարձած է»։
Խօսելով այդ հողատարածքի ժողովրդագրական պատկերի ու Ղարաբաղէն եւ Հայաստանէն թուրքերը հեռացնելու մասին, Էղիլմեզ ըսաւ, որ այդ ուղղութեամբ ծրագիրը առաջին անգամ գործադրուած է 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարասկզբին։ «Այդ թուականներուն այսօրուայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ ապրող հարիւր հազարաւոր թուրքեր կա՛մ բռնի կերպով տեղահանուած եւ կամ սպաննուած են», պնդած է ան։
Ըստ անոր, ռուսական վիճակագրական տեղեկութիւններու համաձայն, 1886-1915ին Երեւանի մէջ թուրք բնակչութեան համեմատութիւնը 40.4 առ հարիւր էր։ ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.