«Սի.Էն.Էն.»ի միջազգային սպասարկութիւնը իր «Worldview» ծրագիրին ընդմէջէն, այս շաբաթավերջին պիտի ցուցադրէ Տաթեւի վերականգնման 50 միլիոն տոլարի ծրագիրին մասին՝ «Երկիր Մետիա»ի լրագրող Գայեանէ Աւետիսեանի պատրաստած հաղորդումը:
«Սի.Էն.Էն.»ի միջազգային սպասարկութիւնը, Ուրբաթ եւ Շաբաթ կանուխ առաւօտեան կատարուած եւ կատարուելիք սփռումներուն կողքին, Քալիֆորնիոյ ժամով յայտագիրը պիտի սփռէ հետեւեալ ժամերուն՝
Սեպտեմբեր 5ին՝ երեկոյեան ժամը 6:30ին.
Սեպտեմբեր 6ին՝ առաւօտեան ժամը 1:30ին.
Սեպտեմբեր 7ին՝ երեկոյեան ժամը 8:30ին.
Յայտագիրը կարելի է դիտել Երկուշաբթի օր, www.cnn.com/worldview համացանցային կայքին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.