
ՊԱՔՈՒ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) եւ Ռապըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ) պիտի փորձեն յառաջիկայ ամիսներուն՝ մինչեւ ԵԱՀԿի վեհաժողով մնացած քանի մը ամսուան ընթացքին, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն աջակցութեան իրենց ջանքերը բազմապատկել։
Համանախագահները Սեպտեմբեր 6ին մեկնած են Պաքու եւ երէկ, ամբողջ օրը բանակցութիւններ վարած են Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ: Համանախագահները նախ հանդիպած են Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ, ապա՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, այնուհետեւ իրենց բանակցութիւնները շարունակած են դարձեալ Մամետեարովի հետ:
Նախքան տարածաշրջան իրենց մեկնումը, համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր կոչ ուղղած են բոլոր կողմերուն՝ «խստօրէն հետեւելու զինադադարի համաձայնագիրին, փոխզիջման ոգիի ամրապնդման համար ամէն ինչ կատարելու նպատակով, ինչ որ անհրաժեշտ է յառաջընթացի հասնելու համար, նաեւ զերծ մնալու բացասական բնոյթի հրապարակային յայտարարութիւններէ եւ լուրջ երկխօսութեան սկսելու համար համոզիչ քաղաքական կամք ցուցաբերելու»։
Ցարդ ընթացած բանակցութիւններուն վերաբերեալ համանախագահները զուսպ գնահատականներ տալով բաւականացած են:
«Այս պահուն միայն կրնամ ըսել, որ մենք Պաքուի մէջ լայն բանակցութիւններ վարեցինք», յայտարարած է ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ՝ ընդգծելով, որ նախքան այցը, իրենք միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են եւ շփումներու բաւական ընդարձակ ծրագիր առաջարկած են կողմերուն:
Իրենց հրապարակած ծրագիրով, համանախագահները խոստացած են աշխուժացնել բանակցային գործընթացը՝ Դեկտեմբերի սկիզբը Աստանայի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿի վեհաժողովին պատրաստ ըլլալու համար: Իրենց սոյն այցելութեան աւարտին, համանախագահները պիտի մեկնին Նիւ Եորք, ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին մասնակցող քաղաքական ղեկավարներուն հետ աշխատելու եւ անոնց ծանօթացնելու համար տարուող բանակցութեանց ծալքերը: Ապա, համանախագահները ծրագրած են վերստին այցելել տարածաշրջան ու շարունակել բանակցային գործընթացը:
Այսօր համանախագահները պիտի այցելեն Ատրպէյճան-Ղարաբաղ սահմանը, ուրկէ հաւանաբար անցնին Արցախ, ուր կը ծրագրեն հանդիպիլ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ: