ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Խաչի տօները քրիստոնէական եկեղեցին կը կատարէ, փառաւորելու համար մեր Տիրոջ ու Փրկչին զոհագործումը մարդոց փրկութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ պատուելու համար այն Խաչափայտը, որուն վրայ բեւեռուելով Քրիստոս, սրբագործեց զայն եւ դարձուց հաւատքի զօրեղ նշան: Խաչի համաքրիստոնէական տօներէն՝ Երեւման Խաչ, Գիւտ Խաչի եւ Խաչվերաց, տարբեր է Վարագայ Խաչին տօնը, որ միայն հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին կը պատկանի, որովհետեւ յիշատակն է Խաչի մասունքին Վարագայ լերան վրայ յայտնուելուն: Օրուան կաթողիկոսին ու եկեղեցական ժողովին կողմէ հաստատուած այս հրաշքին ի յիշատակ, մեր եկեղեցին ամէն տարի կը տօնէ այս «հայկական Խա»չին տօնը նոյնքան շքեղ, ինչքան՝ Խաչի միւս երեք տօները:
Ծերունի հոգեւոր հովիւին վախճանումէն ետք, անոր հնամաշ գրասեղանի վարի դարակին մէջ գտնուող թուղթերու խուրձին մէջէն, դեղնած մէկ էջ գտնուեցաւ, որուն վերնագիրը դրած էր «Խաչեր» բառը, զոր ընդգծած էր առանց գծաքաշի:
Ժողովրդային լեզուով, դժուար տանելի ամէն տեսակի նեղութիւնները «խա»չ կը կոչուին, որոնց մեծութիւնը, փոքրութիւնը, ծանրութիւնը կամ թեթեւութիւնը կը բացատրէ տուեալ նեղութեան ի՞նչ աստիճանի ըլլալը:
Վերոյիշեալ դեղնած թուղթին վրայ թուագրուած «խաչեր»ը, ծերունի հովիւին ամբողջ փորձառութեան ամփոփումն էին, որոնք տարիներու ընթացքին, մօրուքի թելերուն սպիտականալուն հետ ծանրացած էին իր ուսերուն, կքեցնելով անոր յաղթահասակ մարմինը:
Հոգեւորական իր ծառայութեան երկարաշունչ տարիներու ընթացքին բազմաթի՜ւ մահամերձ ու անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող հիւանդներու սնարին առջեւ աղօթք մրմնջացած հովիւը փորձառաբար տեսած էր, թէ հիւանդութիւնը ոմանց համար «խա»չ է, զոր պէտք է կրեն այս կեանքին մէջ: Տակաւին, ընտանեկան յարկերու մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատելու իր ճիգին մէջ, նկատած էր ան, որ այդ անհամաձայնութեան վիճակը եւս «խա»չ է, զոր պէտք է տանին մարդիկ: Իր ձեռագրին բառերով՝ «ոմանք իրենց ամուսինը իբրեւ խաչ կը կրեն այս կեանքին մէջ, իսկ ուրիշներ՝ իրենց կինը իբրեւ խաչ կը տանին իրենց ուսերուն»: Նոյն՝ ընտանեկան յարկին տակ տեսնուած «խա»չերէն կը համարէ ան նաեւ՝ անհնազանդ զաւակները, որոնք փոխանակ հպարտութեան, ամօթով կը թողուն իր ծնողները, իրենց անպարկեշտ ու մանաւանդ անուղղայ ընթացքով իսկական «խա»չ դառնալով անոնց ուսերուն: Ընտանեկան այս շրջագծին մէջ կը դնէ նաեւ սկեսրոջ ու հարսի փոխադարձ անհամաձայնութեան բերմամբ ի յայտ եկած «խա»չերը, իբրեւ խոչընդոտ բնականոն կեանքի, ինչպէս նաեւ զոյգերու ընտանիքներուն միջեւ ստեղծուած անհաճոյ կացութիւնները, որոնք դարձեալ «խա»չեր կը դառնան, ծանրանալով նոյնիսկ ամէնէն տոկուն կարծուող ուսերուն:
Թուագրեալ «խա»չերուն մէջ կայ նաեւ այնպիսի խումբ, որ ընտանիքէն դուրս՝ փոխյարաբերական կեանքի շրջապատին անդամներուն առնչուած են: Ըստ իրեն, վատ դրացին ալ կրնայ «խա»չ դառնալ: Մօտաւոր թէ հեռաւոր ազգականն ալ, եթէ մեր չարիքը փնտռող է՝ կրնայ «խա»չ դառնալ, կեղծ բարեկամը կրնայ «խա»չ դառնալ, ինչպէս բացայայտ թշնամին, որոնք հաւասարապէս կրնան վտանգ սպառնալ, այս կեանքի մէջ «խա»չ դառնալով մեր ուսերուն: «Խա»չերու այս խումբին մաս կը կազմեն նաեւ գործատէր-գործաւոր դժուարութիւնները, որոնք ապրուստի ճամբուն մէջ ցցուած «խա»չեր կը դառնան իրարու, երբ ընկերային կեանքի վատառողջ պայմաններու բերումով, մեծաւորի ու փոքրաւորի անհաւասար պայմաններ կը ստեղծուին, հպարտութեան մեղքին անյապաղ գործադրութեամբ:
Ծերունի նոյն հովիւը իր փորձառութեամբ գտած էր, որ նոյնիսկ հարստութիւնը որոշ իմաստով «խա»չ կը դառնայ ոմանց համար, իր հաճելի ծանրութեան տակ ճզմելով ազնիւ մարդոց հոգիները: Նոյնպէս ալ աղքատութեան «խա»չ ըլլալը հաստատած էր ան իր դեղնաւուն թուղթին վրայ, տեսնելով չքաւորութեամբ տառապող մարդիկը, որոնք իրենց «խա»չը շալկած, դուռէ դուռ կը թափառին, առօրեայ ապրուստի փնտռտուքով:
Վերջապէս «խա»չերու այլ խումբի մէջ ամփոփած է ան, գործի անյաջողութեան ու անոր հետեւող պարտքերուն ստեղծած «խա»չերը, որոնք մինչեւ իսկ անձնասպանական քայլին դիմելու չափ կը խելագարեցնեն տառապող մարդը: Այս «խա»չերուն յաւելուած իբրեւ կը դնէ ան, այնպիսի մոլութիւններ, որոնց անձնատուր կը դառնան հոգեկան ցնցումներու եւ յուսահատական պահերու ճնշումին չդիմացող, հոգեպէս տկար մարդիկ: Այդ «խա»չերէն կը յիշէ խմիչքի չափազանց գործածութիւնը, բախտախաղի այլընտրանքը եւ յոռեգոյն պարագային՝ թմրամոլութիւնը:
Վերոյիշեալ խումբերէն բացի, առանձին յիշուած «խա»չ կայ այդ պատառոտած թուղթի կտորին վրայ, որ թերեւս վերեւ նշուածներէն աւելի ծանր է. մարդուն վատ բնաւորութիւնն է այդ «խա»չը: Սա այնպիսի «խա»չ է, որ ուրիշէն չե՛նք ստանար, մէկը մեր ուսերուն չի՛ դներ եւ մանաւանդ ուրիշին օժանդակութեան չե՛նք կրնար վստահիլ անկէ ձերբազատուելու համար: Ասիկա այնպիսի «խա»չ է, որ մեր ուսերէն վար դնելու միակ կերպը, կամքի պրկումն է: Կամքի ոյժով միայն մարդ կրնայ թեթեւցնել այս «խա»չը, եթէ ամբողջովին չկարենայ զայն մէկդի շպրտել: Հիներ նոյնիսկ կ՛ըսէին, թէ մարդուն հոգին դուրս կու գայ, բայց բնաւորութիւնը՝ ո՛չ: Այնքան խորունկ է այս խօսքը, որ երբ տեսնէին մէկը իր բնաւորութեան հակառակ արարքի վրայ, կամ՝ վատէն դէպի լաւ ընթացքի մէջ, զարմանքով կը բացագանչէին՝ «անհաւատալի, բայց՝ իրաւ…»:
Գերմանիոյ փառքի օրերէն մնացած կոթիք ոճի շքեղ տաճարներէն մէկը մուտք գործելով Լայփձիկ քաղաքին մէջ, հիացած անոր մանրաքանդակ կամարներով, յառաջացայ դէպի աւանդատուն, ուր հերթաբար կը մտնէին այցելուներ:
Գետնին ամրացուած, երկու մեթր հասակով փայտեայ խաչ կար այնտեղ, իսկ կողքին, սեղանի վրայ դրուած դատարկ թուղթի կտորներու փունջ: Այնտեղ այցելող հաւատացեալներ, կեանքի մէջ իրենց ունեցած «խա»չերէն ձերբազատուելու մասին աղօթք-խնդրանքներ կը գրէին այդ թղթիկներու վրայ, ու կը կախէին զանոնք փայտեայ խաչին վրայ կողք-կողքի գամուած գամերէն:
Հետաքրքրական էր տեսնել, որ չկար ո՛չ իսկ մէկ այցելու, որ առանց թուղթ առնելու եւ անոր վրայ գրելու, դուրս կու գար այդ նեղլիկ աւանդատունէն: Սա ինքնին փաստ է, թէ առանց «խա»չի մարդ չկայ այս աշխարհի վրայ: Ճի՛շդ է, այդ «խա»չերը կրնան տարբերիլ իրարմէ իրենց չափերով ու կշիռքով, սակայն, անպայման անոնցմէ մէկը կամ միւսը պիտի ըլլան մարդոց ուսերուն, որ անոնք պէտք է տանին սիրով, որովհետեւ ուրիշ կերպ կարելի չէ՛ վարուիլ կեանքի «խա»չերուն հետ: Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ Քրիստոս ի՛նք ալ կրեց այնպիսի խաչ, որ բնա՛ւ իրեն չէր պատկաներ, ո՛չ ալ մէկ հոգիի ուսերուն կարելի էր դնել զանիկա: Համայն մարդկութեան մեղքերը իր մէջ բովանդակող խաչն էր ատիկա: Իսկ դուն չե՞ս կրնար այս կեանքին մէջ քեզի բաժին ինկած «խա»չդ կրել, ինչքա՛ն ալ մեծ կամ ծանր ըլլայ անիկա…: