Կիրակի, 12 Սեպտեմբերին, «Արեւ» ճամբարին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակը՝ կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան:
Շաբաթ, 11 Սեպտեմբերի երեկոյեան, խումբ մը հաւատաւոր մուսալեռցիներու կողմէ պատրաստուեցաւ աւանդական հերիսան, զուարթ մթնոլորտի մը մէջ:
Կիրակի առաւօտեան, աւելի քան հինգ հարիւր մուսալեռցիներ եւ հիւրեր ընդառաջելով Քալիֆորնիոյ «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան հրաւէրին՝ փութացած էին «Արեւ» ճամբարը, Խաչվերացի տօնի շաբաթավերջին մասնակից դառնալու հերոսական մեր ժողովուրդի պատմական եզակի այս յաղթանակը տօնելու նախաձեռնութեան:
Ժամը 10ին, ճամբարի սրահին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան պատուոյ նախագահ, երկար տարիներու մուսալեռցի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեան, որ նաեւ փոխանցեց օրուան իմաստը արտացոլող ոգեշունչ իր քարոզը:
Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի ընթացքին զոհուած 18 քաջարի նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն, որուն յաջորդեց մատաղօրհնէքը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան, որ իր ոգեւորիչ ելոյթով փոխանցեց օրուան խորհուրդը՝ անգամ մը եւս հպարտանքի գեղեցիկ առիթ մը ընծայելով համախմբուած մուսալեռցի իր հայրենակիցներուն: Ան հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմականին վրայ, անդրադարձաւ անոր ձգած ազդեցութեան եւ ըսաւ. «Յետ մուսալեռեան ժամանակաշրջանին, հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր յաղթանակի մէջ մենք կրնանք գտնել Մուսա Լերան յաղթանակի, Մուսա Լերան հերոսութեան հետքերը, ներդրումը, բաժինը: Այո՛, նոյնիսկ երբ Սարդարապատի երգը կ՛երգենք ըսելով՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար», անել վիճակէ դուրս գալու հնար չէ՞ր մուսալեռցիներուն հերոսութիւնը», հարց տուաւ հռետորը:
«Սարդարապատէն ետք, մեր բոլոր յաղթանակները ճակատագրական յաղթանակներ եղան: Նոյնիսկ ամենավերջինը՝ պաշարուած ատրպեճանական ծով ժողովուրդին մէջ, Ղարաբաղը մինակը որոշեց որ զէնքի պիտի դիմէ, պիտի կռուի եւ իր ճակատագիրին նորէն ինք պիտի տնօրինէ, որ յանուն անկախութեան, յանուն ազատութեան, իր կեանքը պիտի վտանգէ: Վստահ եղէք, որ մեր մուսալեռցի նախնիներու հերոսականութեան աւանդը, ի՛ր բաժինը ունի Ղարաբաղի այդ յաղթանակին մէջ»:
Ապա, ընդգծելով մեր պապերուն թողած պատմական ժառանգի պահպանումը՝ ան շարունակեց ըսելով. «Ինչ որ մեզի տրուած է իբրեւ ժառանգ՝ այս հզօր, այս հարուստ, այս հերոսական պատմութիւնն է: Մենք ալ պարտաւորուած պէտք է զգանք եւ այդ պարտաւորութիւնը մեզ պէտք է մղէ, որ մենք ալ մեր բաժինը բերենք մեր ազգի այսօրուան մղած պայքարներուն մէջ: Այսօր ալ դեռ, մեր օրակարգերը չեն աւարտած: Մենք խնդիր ունինք ամէն տեղ: Խնդիր ունինք այստեղ, խնդիր ունինք Հայաստանի մէջ, խնդիր ունինք Ղարաբաղի մէջ, խնդիր ունինք մեր գեղեցիկ Այնճարին մէջ: Այնճարը, որ ինքնին ուրիշ տեսակի սխրանք մըն է, որ այս տարի շատ խորհրդանշականօրէն իր ծաղկումը եւ իր 70ամեայ երիտասարդութիւնը տօնեց նաեւ Ղարաբաղի նախագահին ներկայութեամբ: Մեր սիրտը կը լեցուի ուրախութեամբ, երջանկութեամբ, բայց եւ կ՛ըսեմ՝ չե՛ն բաւեր այդ զգացումները: Չեն բաւեր, որ պարզապէս գոռոզանանք, խօսինք, պատմենք, այլ նաեւ մե՛նք ալ պարտաւորութիւնը զգանք, մեր դերը ունենանք, մեր բաժինը բերենք ամէնօրեայ պայքարին: Գիտեմ, որ իւրաքանչիւրդ այստեղ հերոսական կռիւ կը մղէք՝ ձեր ընտանիքը հայօրէն պահելու համար: Հերոսական կռիւ կը մղէք՝ ձեր զաւակին փոխանցելու այն, ինչ ճիշդ է, ազգայինն է: Ձեր իւրաքանչիւրի այդ պայքարին առջեւ կը խոնարհիմ»:
Եզրակացնելով իր ազգայնաշունչ պատգամը՝ Ա. Պողիկեան խրախուսեց ներկաները շարունակել յարատեւել, շեշտելով. «Շարունակեցէ՛ք, յարատեւեցէ՛ք, որովհետեւ ձեր նախնիները կրցան, յաջողեցան ֆիզիքապէս փրկել ամբողջ հաւաքականութիւն մը, կրցան փոխանցել այն, ինչ հզօր է, ինչ որ պէտք է մեզ արդէն այնքա՛ն ոյժ տայ, ոյժ ներարկէ, որ մենք այս բոլոր տեսակի կռիւներուն պատրաստ ըլլանք: Հալալ ըլլայ մատաղը եւ յաջողութիւն ձեզի»:
Աբօ Պողիկեանի ոգեւորիչ ելոյթէն ետք բաշխուեցաւ աւանդական մատաղը՝ հերիսան: Այնուհետեւ հնչեց մուսատաղեան տհոլն ու զուրնան՝ ոտքի հանելով համախմբուած բազմութիւնը:
Ներկաները երկար շարքերով պարեցին մուսալեռցիի յատուկ շուրջպարը, համաչափ ու ինքնա-վստահ, իրենց պապերու թողած ժառանգի հաւատարմութեամբ:
Ոգեւորիչ էր երիտասարդ-պատանիներու մուսատաղեան մենապարերը, որոնք յոյս ներշնչեցին յատկապէս ներկայ տարեց սերունդին՝ փարատելով մուսատաղցի ժողովուրդի թանկարժէք աւանդութիւնները մոռնալու անոնց մտավախութիւնը:
Տօնախմբութիւնը երգ ու պարով շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ: Ուշ երեկոյեան անոնք մեկնեցան ճամբարէն՝ իրենց նահատակներու արեան գնով վաստակուած յաղթանակի ոգիով, եւ համոզուած, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը պատիւ է ողջ հայութեան: