ՆԱԶԱՐԷԹ ՔԻՐԱԶԵԱՆ

Հայ Կնոջ տարուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած՝ «Անձնականը եւ ազգայինը Հայ Կնոջ վաստակին մէջ է» դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 17ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի եւ յետ աւանդական հիւրասիրութեան: Օրուան բանախօսն էր Հայ գիրի ու դպրութեան երախտաւորներէն՝ վաստակաշատ ուսուցչուհի, կրթական գործիչ եւ գրող Սոնա Զէյթլեան:
Դասախօսութեան նախորդեց հոգեւոր երաժշտութեան ունկնդրում, կատարողութեամբ՝ տէր եւ տիկ. Նորայր եւ Սալբի Էտկարեաններու: Սալբին իր հոգեթով ձայնով եւ Նորայրը՝ դաշնամուրի վարպետ նուագակցութեամբ, դահլիճին մէջ ստեղծեցին հոգեւոր մթնոլորտ մը՝ արժանանալով ունկնդիրներու բարձր գնահատանքին:
Այնուհետեւ, Պերճ Զատոյեան, յանուն Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթելէ ետք յարգելի ներկաներուն, ներկայացուց Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեանի կենսագրականը, որ ամբողջութեամբ մանկավարժական բեղուն գործունէութիւն եւ անմնացորդ նուիրում էր Հայ դպրութեան ու փայլուն օրինակ մը՝ Հայ կնոջ անձնական ու ազգային գործունէութեան համատեղելիութեան, անբաժանելիութեան եւ վաստակին: Ապա, ան հրաւիրեց բանախօսը՝ ներկայացնելու համար սպասուած հետաքրքական դասախօսութիւնը:
Պատմութեան ողջ ընթացքին, Հայ ժողովուրդի փոթորկալի տարիներուն եւ օրհասական օրերուն, երբ հզօր պետութիւններու սպառնալիքներուն տակ մեր իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանող պետական կառոյցներ չենք ունեցած, Հայ կինը միշտ հաւատարիմ եւ հոգատար ներկայութիւն մը ըլլալով՝ ոչ միայն եղած է ընտանիքի գոյատեւման յուսալի յենարանը, այլ՝ ազգային մեր մեծ ընտանիքին դիմադրողականութեան ուժի ու հաւատքի աղբիւրը, եւ զանոնք սնող կենսատու աւիշը: Եւ ահա ճիշդ այս պատճառով, անձնականը եւ ազգայինը անբաժանելի եղած են Հայ կնոջ մտածելակերպին եւ ապրելակերպին մէջ: Աւելի համոզիչ դարձնելու համար դասախօսութեան այս հիմնական միտքը, դասախօսը դիմեց հայոց պատմութեան, որ լի է հայ կանանց սխրագործութիւններով:
Սանատրուկ թագաւորի դուստր՝ Սանդուխտ կոյսը, հրաժարելով իր հօր պալատի ճոխութենէն եւ հեթանոսական զեխ խնճոյքներէն, Աստուծոյ լոյսը իր սրտին մէջ՝ կ՛օգնէր անկեալներուն ու կը սփոփէր զանոնք: Տրդատ թագաւորի քոյրը՝ Խոսրովադուխտ, եւ Աշխէն թագուհին միասնաբար ստորագրելով արքայական հրովարտակ մը՝ ժողովի հրաւիրեցին երկրի նախարարներն ու մեծամեծերը, ազգային համաձայնութիւն մը գոյացնելու եւ նոր՝ քրիստոնէական կրօնքին արժանաւոր առաջնորդ մը ընտրելու նպատակով: Ահաւասիկ ազնուական տոհմի հայուհիներ, որոնց մօտ մասնաւորը եւ ազգայինը նոյնացած էին: Եղիշէ պատմիչ, ականատեսի վկայութեամբ կը նկարագրէ հայոց աշխարհի «փափկասուն տիկիններուն» սիրտ ճմլող, անխիղճ սրտերէն արցունք քամող համեստ կեանքը: Անոնք Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, իրենց հաւատաւոր ամուսիններու աքսորի տարիներուն, հրաժարելով շքեղ ընդունելութիւններէ, պճնանքէ ու անուշահոտ իւղերով օծուելէ՝ նուիրուեցան իրենց զաւակներու հայրենասիրական դաստիարակութեան: Եւ իրօք, երբ 464 թուականին աքսորեալ հայրենասէր նախարարները վերադարձան Հայաստան, յուրախութիւն բոլորին, գտան ազնուական նոր երիտասարդութիւն մը՝ դաստիարակուած հայրենասիրութեամբ, քաջութեամբ եւ քրիստոնէական լոյս հաւատքով՝ ի պարծանք հայ ազնուական կիներուն: Ահա այս սերունդն էր, որ Վահան Մամիկոնեանի իմաստուն առաջնորդութեամբ ստիպեց խաւարամիտ պարսից արքային, 484ին հայոց հետ կնքել մարդկային իրաւունքներ եւ ազատութիւններ ներբողող Նուարսակի դաշնագիրը, որ յաղթական դափնեպսակ մըն էր Աւարայրի անմահներու գլխին:
Ապա բանախօսը անդրադարձաւ արաբական եւ օսմանեան տիրապետութեանց ծանր տարիներուն, ուր կանայք զրկուած էին իրենց տարրական իրաւունքներէն: Սակայն, հայ կանայք շարունակեցին հայրենասիրական դաստիարակութիւն տալ իրենց զաւակներուն՝ մնալով հաւատարիմ լծակիցներ ու գործակիցներ իրենց ամուսիններուն: Անոնք հայ ընտանիքին, ազգին եւ եկեղեցիին անբաժանելիութեան վեհ գաղափարը սրբութեամբ փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն: 19րդ դարու վերջաւորութեան, արեւմտահայ մշակոյթի կեդրոն՝ Պոլսոյ մէջ, խումբ մը զարգացած կանայք, հայկական աւանդական փառքերը պահելով հանդերձ, աշխատեցան մեր ազգային մտածելակերպը յարմարացնել Եւրոպայի մէջ սկսած արդիականացման յառաջադէմ գաղափարներուն ու մտածելակերպին: Ժամանակի պահանջներուն յարմարուելով՝ անոնք հիմնեցին բարեսիրական միութիւններ: Այստեղ դարձեալ անձնականն ու ազգայինը անբաժանելի էին: Իսկ արեւելահայ մշակոյթի կեդրոն՝ Թիֆլիսի մէջ, դարձեալ խումբ մը լուսաւորեալ հայ կանայք աշխատեցան յանուն հայերէնի ու ազգային ինքնութեան պահպանման:
Հայ ժողովուրդի նորագոյն ազատագրական պայքարին մէջ, տեղական նեղ մտածելակերպին փոխարինեց համահայկական մտածելակերպը: Հայ կանայք ինքնիշխան ապրելու կամք դրսեւորեցին, ազատամարտիկներ պատսպարեցին. պատմական Հայաստանէն մնացած փոքր մասունքի մը վրայ հիմնուած մեր հայրենիքին մէջ հայ կինը իր ուժերը մէկտեղեց ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ՝ հայ որբեր եւ գաղթականներ հաւաքելու ու զանոնք պատսպարելով խնամելու համար: 1915ի Ցեղասպանութիւնը, համայնավարութեան հալածանքներն ու աքսորները, ինչպէս նաեւ Բ. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հայութեան տուած մեծ թիւով զոհերը, հայ կնոջ մօտ միայն ու միայն զօրացուցին անոր ապրելու, գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու կամքը:
Սակայն, Սփիւռքի մէջ հետզհետէ աւելցող խառն ամուսնութիւնները, մեր աւանդապահ եւ հայաշունչ ընտանեկան յարկերէն ներս ստեղծեցին նոր, ոչ ցանկալի իրավիճակ մը՝ առաւել բարդացնելով խառնածիններու մօտ հայերէն լեզուի ուսուցումն ու ազգային ինքնութեան ձեւաւորումը:
Դասախօսութեան աւարտին, Սոնա Զէյթլեան յանուն անձնականի եւ ազգայինի անբաժանելիութեան վերահաստատման, առաջարկեց 7 կէտերէ բաղկացած աշխատանքային ծրագիր մը.
1. Ներկայիս տիրող ազգային թմրութեան եւ անտարբերութեան փոխարէն, հայ կնոջ մօտ արծարծել իր իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու գիտակցութիւնը:
2. Քաջալերել հայ կնոջ անկախ մտածողութիւնը եւ հաւաքական ուժ դառնալու կամքը:
3. Զարկ տալ հայ կնոջ բազմակողմանի զարգացման, նախ՝ գոհացում տալու իր անձնական կեանքին, միաժամանակ ապահովելու գիտակից ներկայութիւն մը՝ մեր ընկերային կեանքէն ներս:
4. Հայ կնոջ հանդէպ դեռեւս գոյութիւն ունեցող խտրական ոգին փոխարինել ընկերային հաւասարութեան սկզբունքներով:
5. Խթանել եւ խորացնել հայ կնոջ քաղաքացիական գիտակցութիւնը, որպէսզի կարենայ իր մասնակցութիւնը պարտադրել հայրենիքի կառուցման սրբազան գործընթացին:
6. Արհեստագիտական նորութիւնները հայ կնոջ համար պէտք է ըլլան միջոց, եւ ոչ թէ նպատակ:
7. Անձնապաշտ եւ նիւթապաշտ մտածելակերպին փոխարէն, քաջալերել բարոյական արժէքները ու վերահաստատել մօր մը առանցքային դերը ընտանեկան յարկէն ներս, իբրեւ հոգատար ներկայութիւն մը:
Բանախօսը իր խօսքը աւարտեց կոչ ընելով վերստին արժեւորելու հայ կնոջ դերը՝ իբրեւ անձնականի ու ազգայինի միասնութեան վստահելի ուղեցոյց, ինչպէս նաեւ ընտանեկան սրբութեան եւ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ: Ապա ազնուափայլ դասախօսը մեծ սիրով պատասխանեց ներկաները յուզող հարցերուն:
Շնորհակալութիւն Սոնա Զէյթլեանին իր այս խիստ շահեկան դասախօսութեան համար:
Ներկաները հրաժեշտ տուին դաստիարակչական յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն՝ յաջորդ ամսուան դասախօսութեան դարձեալ իրարու հանդիպելու յոյսով եւ ցանկութեամբ: