«Թարաֆ» թերթի խմբագիր Ահմետ Ալթան յօդուած մը գրած է «Սպառնալիք» խորագիրով, ուր թուրք ժողովուրդին ու պետութեան կը վերագրէր բռնարարքներ եւ ոճիրները սիրելու տրամադրութիւն մը։
Յօդուածին տուն տուող դէպքը Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ընթացքին երկրին գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, կողմէ դատարան ղրկուած այն նամակն է, ուր ՄԻԹ կ՛ընդունի, թէ իր երկու ներկայացուցիչները Տինքին ազդարարութիւն ուղղած են Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուի՝ Սապիհա Կէօքչենի, հաւանական հայկական արմատներուն մասին անոր գրած յօդուածին կապակցութեամբ։
ՄԻԹի ներկայացուցիչները ըսած են Տինքին, թէ այս մասին գրելով՝ ան «ցասում ու ընդվզում» պատճառած է թուրքերուն։
«Բայց ինչո՞ւ ցասում ստեղծէ այդ յօդուածը։ Սապիհա Կէօքչեն հա՞յ է, թէ չէ։ Հա՛յ է։ Ուրեմն ինչո՞ւ ցասում ստեղծուի, եթէ մէկը գրէ, թէ ան հայ է։ Սապիհա Կէօքչեն Տերսիմ գացեր է, Տերսիմը ռմբահարեր է, մարդիկ սպաններ է. ատիկա ցասում չի պատճառեր, բայց անոր հայ ըլլա՞լը ցասում կը պատճառէ։ ՄԻԹին ի՞նչ կը վերաբերի այս խնդիրը, ՄԻԹին պարտականութիւնը ա՞յս է։ Ինչո՞ւ կը սպառնայ գրողի մը, որ շուտով կը սպաննուի հրոսախումբի մը կողմէ, որ յայտնի է, թէ պետութեան հետ կապեր ունէր։ ՄԻԹի կողմէ ազդարարուած անձի մը փողոցը սպաննուիլը ցասում չի՞ ստեղծեր արդեօք։ Ո՛չ. չի ստեղծեր, ըստ մեր պետութեան», կը գրէ ան ու կ՛աւելցնէ. «Առկայ է մտայնութիւն մը, որուն համաձայն, Կէօքչենի՝ մարդիկ սպաննած ըլլալուն իրողութեամբ կրնանք հպարտանալ, բայց անոր հայ ըլլալէն կրնանք անհանգստանալ։ Մարդ սպաննելը հպարտացուցիչ է, իսկ հայ ըլլալը՝ ամօթալի։ Մինչդեռ հակառակն է, որ ի զօրու պէտք է ըլլայ։ Կախելը, սպաննելը, ռմբահարելը ամօթ չի նկատուիր պետութեան կողմէ։ Շատ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ այս պետութեան գլխուն մէջ թուրքի ինչպիսի՛ պատկերացում մը կայ։ Մենք դահի՞ճ ենք, ոճրագո՞րծ ենք, մեր ամէնէն մեծ հպարտութիւնը մարդ սպաննե՞լ է։ Այս մարդիկը նուաստացուցիչ կը նկատեն հրաշալի ճարտարապետներ, քարակոփներ, երաժիշտներ հասցնող հայ ժողովուրդին պատկանիլը»:
Վերոյիշեալ այս ծանր տողերէն ետք, Ալթան կը շարունակէ. «Բարեբախտաբար բաներ մը փոխուելու սկսան Թուրքիոյ մէջ: ՄԻԹի այս խոստովանութիւնը արդէն այդ մասին կը վկայէ։ Կը յուսանք, որ այսուհետեւ պիտի հասկնանք, թէ մարդասպանութիւնը ամօթալի է եւ ատով հպարտանալու պէտք չունինք։ Պիտի հասկնանք, որ մեզի համար աւելի հպարտացուցիչ է արեան կապ ունենալ տաղանդաւոր հայ ժողովուրդին հետ, քան թէ ազգական ըլլալ մոնկոլներուն։ Պէտք է հասկնանք, թէ մենք պէտք չէ ամչնանք Սապիհա Կէօքչենին հայ ըլլալէն, այլ պէտք է ամչնանք այս բանը ըսած մարդուն սպանութենէն»։