ՍՈՉԻ.- Քրէական հեղինակութիւն՝ Էդուարդ Կակոսեան սպանուած Է Սոչիի մէջ՝ գնդացիրներու փամփուչտներով:
Ըստ «Ինթերֆաքս» լրատուական ընկերութեան տուած տեղեկութիւններուն, 31ամեայ Կակոսեան, հակառակ քրէական աշխարհի հետ ունեցած իր լայն կապերուն, կը զբաղուէր բոլորովին օրինական գործարկութեամբ:
Վէրքեր ստացած գործարարը տեղափոխած են հիւանդանոց, սակայն բժիշկները չեն յաջողած փրկել անոր կեանքը:
Կակոսեան Սոչիի մէջ շարք մը խանութներու եւ սրճարաններու սեփականատէր էր:
Իր հերթին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուամիջոցը վկայակոչելով իրաւապահներու տուեալները, կը նշէ, թէ Կակոսեան յայտնի Թեթ Հասանի մերձաւոր շրջապատէն էր եւ կը կատարէր գործարարութեան առնչուող անոր յանձնարարութիւնները: Յատկապէս, ան եղած է Սոչիի մէջ Հասանի պատկանող ճաշարաններու «նայողը»: Աղբիւրը բացառած է, որ սպանութիւնը կրնայ կապ ունենալ Ուսոյեանի դէմ վերջերս տեղի ուենցած մահափորձին հետ:
Նշենք, որ 73ամեայ Ուսոյեանի դէմ մահափորձը տեղի ունեցած էր Մոսկուայի մէջ՝ Սեպտեմբերի 16ին: