ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «ՓանԱրմինիըն».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 2ին աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է շրջանային վարչակազմերու ղեկավարները՝ անոնց հետ քննարկելով շրջաններուն մէջ առկայ հասարակական-տնտեսական իրավիճակին եւ 2011ի պետական պիւտճէի ձեւաւորման հետ կապուած խնդիրներ:
Երկրին ղեկավարը նշած է, որ շրջաններուն զարգացումը հանրապետութեան հասարակական-տնտեսական առաջընթացին հիմքն է, եւ այդ առումով ընդգծած՝ շրջաններու վարչակազմերուն աշխոյժ մասնակցութիւնը պիւտճէի ձեւաւորման գործին մէջ:
Ըստ Բակօ Սահակեանի, պիւտճէով նախատեսուող ծրագիրները պէտք է ըլլան իրատեսական եւ արտացոլեն շրջանի եւ երկրի զարգացման գլխաւոր ուղղութիւնները:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.