ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը հրապարակած է ապահովագրական ընկերութիւններու ամփոփ բնութագիր, ըստ որուն, ինքնաշարժներու պարտադիր ապահովագրութիւնը սկսելէ ետք, Հայաստանի ապահովագրական շուկային հանդէպ հետաքրքրութիւնը աճած է:
Հոկտեմբեր 1ի դրութեամբ, ապահովագրական 10 ընկերութիւններուն ընդհանուր ակտիւները եղած են շատ փոքր՝ ընդամէնը 19.7 միլիառ դրամ (շուրջ 55 միլիոն տոլար): Համեմատութեան համար նշենք, որ յառաջիկայ 2-3 ամսուան ընթացքին, ապահովագրական ընկերութիւնները պարտադիր ապահովագրումէ կը ստանան շուրջ 12 միլիառ դրամ (շուրջ 35 միլիոն տոլար):
Նշեալ հաշուարկին հիմք կը հանդիսանան հետեւեալ տուեալները.
Հանրապետութեան մէջ կայ 400 հազար ինքնաշարժ, իսկ իւրաքանչիւրին ապահովագրական վճարումը կը կազմէ միջին հաշիւով՝ 30 հազար դրամ:
Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ապահովագրական հատուցումներուն մակարդակը երբեք չէ գերազանցած ապահովագրական գումարներու 30 տոկոսը, կարելի է եզրակացնել, թէ ի՛նչ հսկայական շահոյթներ պիտի ստանան ապահովագրական ընկերութիւնները ինքնաշարժներու պարտադիր ապահովագրութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.