
ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀ եւ հայրենակիցներու հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէն Կոնսդանդին Զատուլին Հինգշաբթի, Նոյեմբփր 11ին, Երեւանի մէջ, պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման մասին լրագրողներու հարցումին նշեց, որ ինք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերաբերեալ կրնայ ներկայացնել իր անձնական տեսակէտը։
«Իմ կարծիքով՝ հարկ է ընդունիլ փաստերը, հարկ է ընդունիլ, որ պատերազմ պէտք չէ տեղի ունենայ։ Անկասկած, առանց ռազմական գործողութիւններու, առանց ռազմական յաղթանակի Լեռնային Ղարաբաղը պիտի չհրաժարի այդպէս դժուարութեամբ ձեռք բերած իր անկախութենէն։ Ասկէ մեկնելով՝ կարելի է ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական կարգաւորումը հետեւեալ տեսքը ունի՝ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւն եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու վերադարձ։ Սակայն ասիկա այն բանն է, որուն պէտք է հասնիլ, եւ ամբողջ խնդիրը այն է, թէ ասոր հասնիլը դժուար է», ըսաւ Զատուլին։
Կոնսդանդին Զատուլին շեշտեց, որ մինչեւ կողմերը խնդիրի կարգաւորման շուրջ համաձայնութեան գան, պէտք չէ թոյլատրել պատերազմական գործողութիւններ։
«Շփման գիծին վրայ հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերը «սթաթիւս քոյի» կոպիտ խախտում են։ Ան, որ նման խախտումներու կը դիմէ, իսկ նախաձեռնութիւնը այստեղ Ատրպէյճանինն է, լուրջ խնդիր, սպառնալիք է խաղաղութեան համար», ըսաւ Զատուլին միաժամանակ աւելցնելով. «Պատերազմի վերսկսման վտանգը այսօր օդէն կախուած է»։
Ռուս երեսփոխանը անհանգստութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ վերջին շրջանին նկատուող լարուածութեան առնչութեամբ՝ յիշեցնելով, որ հակառակ Մինսկի խմբակի ջանքերուն, սպառնալիքը գոյութիւն ունի։ Միաժամանակ ան նշեց, որ Ռուսիան շահագրգռուած չէ նոր պատերազմով, եւ ռուսերուն կ՛անհանգստացնեն պատերազմի վերսկսման մասին յայտարարութիւնները։