ՖՐԵԶՆՕ, ՔԼՈՎԻՍ.- Ֆրեզնոյի «Չարլի Քէյեան» համագաղութային վարժարանի աշակերտները վերջերս այցելած են տեղւոյն արուեստագէտներէն Մարկրիթ Հատսընի աշխատանոցը:
Արուեստագէտը ծանօթ է իր արձաններով եւ հսկայ պաստառներով, որոնցմէ շատերը կը գտնուին շրջանի վարժարաններէն ներս կամ անոնց խաղավայրերուն մէջ:
Արուեստագէտը աշակերտներուն խօսած է իր ստեղծագործական աշխատելաձեւին մասին, առիթ ընծայելով անոնց, որ գծագրութիւններ կատարեն: Աշակերտները նաեւ ծանօթացած են անոր արձանագործութեան: