ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ, Նոյեմբեր 11ին կայացաւ նոր նախագիծի շնորհահանդէսը, որ կը կրէր «Հայ-Ֆրանսական մշակութային բարեկամութիւն» խորագիրը: Նախագիծին ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ 3 տեսահոլովակ՝ Ֆրանսացի երգիչներ Ճի Ֆանի, Տուոնի եւ հայ շարական կատարողներու մասնակցութեամբ: Շնորհանդէսին ներկայ էին մշակութային-հասարակական գործիչներ, յուշարձանագէտներ եւ այլք:
Ըստ «Էֆ.Էմ.Էս. Մետիա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արամ Սարգսեանի, նշեալ նախագիծով իրենք կ՛ուզեն հանրահռչակել հայ մշակոյթը եւ զայն տարածել ամբողջ աշխարհին մէջ: «Մենք ուզում ենք ցոյց տալ, որ հայ եւ ֆրանսիացի երգիչների համատեղ ելոյթները մեզ հնարաւորութիւն կը տան աշխարհին եւս մէկ անգամ պատմել Հայաստանի եւ նրա մշակոյթի մասին», նշեց Արամ Սարգսեան: Ան աւելցուց, որ նախագիծին նպատակն է նաեւ կանխել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններուն ոչնչացումը եւ աջակցիլ մշակութային արժէքներու պահպանման՝ ամբողջ աշխարհին մէջ: «Սա կոչ է, որ պաշտպանենք հայկական ամէն քարի նկատմամբ մեր պատմական իրաւունքը», ըսաւ ան:
Իր կարգին՝ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան օգտակար համարեց նմանատիպ ծրագիրերու իրականացումը։ «Ես կարծում եմ, որ պէտք է առանց թմբկահարելու հայրենաճանաչութիւն քարոզել, որովհետեւ եթէ մենք ունենանք հայրենաճանաչ հասարակութիւն, արդէն մեր յուշարձաններն ինքնաբերաբար պաշտպանուած կը լինեն», նշեց Ս. Կարապետեան, որուն խօսքով, անընդհատ պէտք է ձգտիլ դէպի հայրենիքը ճանչնալուն: «Երբ մենք իմանանք մեր պապերի ժառանգութեան մասին, մեզանից անկախ, կը տեսնենք, որ այդ ժառանգութեան պահապաններն ենք», աւելցուց յուշարձանագէտը:
Նաեւ, ԱԻՄ նախագահ Պարոյր Հայրիկեանի խօսքով, նմանատիպ ծրագիրները համամարդկային մշակութային կեանքին մէջ կ՛ապահովեն Հայաստանի բաւական նշանակալից ներկայութիւնը: Անոր կարծիքով, նախաձեռնութիւնը շատ օգտակար է. «Ի հարկէ սա յեղափոխիչ դեր չի ունենայ, բայց կարեւորն այն է, որ ինքնաբուխ նախաձեռնութիւն է: Ծրագրի յաջողութիւնը կախուած է նախաձեռնութեան մասնակիցների կորովից եւ մատուցման արուեստից», նշեց Պարոյր Հայրիկեան: