ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի պետական կառոյցներէն ոմանք, ինչպէս՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը, գաղափար չունին Հայաստանի Քրէական Օրէնսգիրքին մէջ Ցեղասպանութեան հերքման համար յօդուած ըլլալուն մասին:
Արդարադատութեան նախարարութենէն յայտնած են, թէ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը պատիժ չի սահմաներ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու արարքին համար, աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան հերքման դէպքեր չեն արձանագրուած: Նաեւ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն յայտարարեցին, թէ Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս օրէնք չկայ Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ օրէնքի առկայութեան մասին տեղեակ չըլլալը վատ նշան չէ, պարզապէս, ըստ անոր, նման օրէնքի կիրառութեան կարիքը չէ եղած, այսինքն՝ Հայաստանի մէջ ոչ ոք Ցեղասպանութիւնը ժխտած է:
Մինչդեռ, 2006ի Մայիսին ընդունուած «Քրէական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մաիսն» օրէնքի 8րդ յօդուածին մէջ կ՛ըսուի.
«Յօդուած 397-1. Ցեղասպանութիւնը եւ խաղաղութեան ու մարդկութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած միւս յանցագործութիւնները հերքելը, մեղմացնելը, դրանց հաւանութիւն տալը կամ արդարացնելը:
«Համակարգչային համակարգի միջոցով հանրութեանը նիւթեր տարածելու կամ որեւէ այլ ձեւով մատչելի դարձնելու միջոցով ցեղասպանութիւնը եւ խաղաղութեան ու մարդկութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած սոյն գլխի միւս յօդուածներով նախատեսուած յանցագործութիւնները հերքելը, մեղմացնելը, հաւանութիւն տալը կամ արդարացնելը, եթէ դա կատարուել է ռասայական պատկանելութեան, մաշկի գոյնի, ազգային կամ էթնիկական ծագման կամ կրօնական պատկանելութեան հիման վրայ՝ անձի կամ անձանց խմբի նկատմամբ ատելութիւն, խտրականութիւն կամ բռնութիւն հրահրելու նպատակով, պատժւում է տուգանքով՝ նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկից երեքհարիւրապատիկի չափով, կամ ազատազրկմամբ՝ առաւելագոյնը չորս տարի ժամկէտով»: