ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութիւնը անցնող շաբաթավերջին առաջարկեց Իրանի հետ հանդիպումը կայացնել Դեկտեմբեր 5ին, քննելու համար Թեհրանի հիւլէական ծրագիրը։ Իրանի ուղղուած նամակի մը մէջ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քաթրին Աշթըն մերժեց հանդիպումը Պոլսոյ մէջ կատարելու Թեհրանի նախասիրութիւնը։ Նամակը իբրեւ հանդիպման վայր կ՛առաջարկէ Վիեննան կամ Զուիցերիան։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի նոյնպիսի կեցուածք մը արտայայտեց։ Ան լրագրողներուն ըսաւ, թէ «Պոլիսը կրնայ երկրորդ նիստի մը վայր ըլլալ, սակայն ընդհանուր կարծիքը այն է, թէ առաջին հանդիպումը պէտք է կեդրոնական Եւրոպայի մէկ վայրին մէջ կայանայ»։
Աշթըն կ՛առաջարկէ հանդիպումը սկսիլ Դեկտեմբեր 5ին, ընթրիքի մը ընթացքին, ապա զայն շարունակել մինչեւ Դեկտեմբեր 7ի կէսօրը, որպէսզի՝ «կարծիքներու ամբողջական եւ խորքային փոխանակման բաւարար առիթ ըլլայ»։
Իրանեան խորհրդարանին մէջ ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Հուսէյն Իպրահիմի յայտնեց. «Մենք Թուրքիա առաջարկեցինք, իսկ միւս կողմը՝ Զուիցերիա. եթէ բանակցութիւնները Իրանի եւ միւս խումբին շահերը կ՛ապահովեն, ապա Իրանի համար հանդիպման վայրը կարեւոր չէ։ Կարեւորը այն է, որ բանակցութիւնները թափանցիկ կերպով շարունակուին»։