ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Նոյեմբեր 17ին, Հայաստանի Ազգային Ժողով-Կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան անգամ մը եւս բարձրացուց Երեւանի ապօրինի շինութիւններուն, կանաչ զանգուածի ոչնչացման եւ խեղաթիւրուած ճարտարապետութեան հարցը: Պատգամաւորը նշեց, որ Երեւանը արդէն կը խեղդուի. «Սա խալիֆութիւն չի: Երկի՛ր է, որ ունի Սահմանադրութիւն, օրէնքներ, եւ պէտք է դրանք գործեն: Ես ինձանից էլ եմ հիասթափուել. հարցեր եմ ուղղում կառավարութեանը, գալիս ասում են՝ այո՛, ճիշդ ես, բնակչութիւնն էլ տեսնում է, որ ոչինչ չի լուծւում», ըսաւ պատգամաւորը եւ աւելցուց, որ այս ոլորտէն ներս քաղաքական կամք չկայ:
ՀՅԴ պատգամաւորին հակադարձեց քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեանը՝ ըսելով, որ քաղաքական կամք կա՛յ, եւ թէ ատիկա քննարկման առարկայ չէ. «Այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ տարել եւ տանելու ենք: Կոչ ենք անում համագործակցել մեզ հետ», աւելցուց նախարարը:
Իր կարգին, ՀՅԴ պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեանը մտահոգութիւն յայտնեց, թէ ձմրան նախաշեմին բնակչութիւնը կը յուզէ կազի գիրներու բարձրացման վախը։ Պատգամաւորը լուսաբանութիւն պահանջեց, թէ իսկապէս անհանգստանալու հիմքեր կա՞ն:
«Բանակցութիւնները շարունակւում են եւ հիմնական նպատակն այն է, որ կազի սակագինը մնայ նոյնը. թէ ինչքանո՞վ կը յաջողուի՝ չեմ կարող ասել: Եթէ կազի սակագինը բարձրանայ, ապա Ապրիլի 1ից է բարձրանալու», ՀՅԴ պատգամաւորի հարցումին պատասխանեց ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.