ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 17ին, Ազգային ժողովի քառօրեան սկսած է «տխուր» բացայայտումով մը, երբ Հայաստանի Վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեանը յայտարարած է, թէ դատի տուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամ, պատգամաւոր Սպարտակ Մելիքեանը:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին, ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Մելիքեանը Ազգային ժողովի նիստին յայտարարած էր, թէ Վերահսկիչ պալատը «Անանիա Շիրակացի» համալսարանին մէջ ստուգումներ իրականացնելու ժամանակ, ստուգող խումբի ղեկավարը համալսարանէն պահանջած է 4000 տոլար կաշառք՝ համալսարանը «սեւ ցուցակում չընդգրկելու համար»:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Սպարտակ Մելիքեան նշած է, որ ինք անձամբ խորհրդարանէն պիտի խնդրէ, որ զինք զրկեն անձեռնմխելիութենէ, որպէսզի չըսուի, թէ ինք անկաշկանդ է կամ կը խոչընդոտէ քննութիւնը մինչեւ վերջ հասցնելու ընթացքը: «Ես նորութիւն չեմ յայտնաբերել. ընդամէնը ասել եմ այն, ինչ շուտուանից կայ», աւելցուցած է Ս. Մելիքեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.