ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆ

1978ին, Օգոստոս 1էն 31, սովետական Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով եւ սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի կազմակերպութեամբ, 29 սփիւռքահայ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ՝ Հնդկաստանէն, Լոնտոնէն, Փարիզէն, Յունաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Գանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, Երեւան եկած էին վերապատրաստման դասընթացքներու հետեւելու համար: Յաճախ, մեզ հայրենիքի տեսարժան վայրերն ալ կը տանէին: Օր մը, Կիրովական (Վանաձոր) եւ Լենինական (Գիւմրի) այցելելէ ետք, փափաքեցանք վերադարձի ճամբուն վրայ, Ուջան գիւղին մէջ, սասունցիներու նախաձեռնութեամբ կառուցուած ազգային հերոս Զօրավար Անդրանիկի կիսանդրին տեսնել, սակայն մեր առաջնորդը ըսաւ, թէ ժամանակ չմնաց. հետագային միւս երկու արձանները կանգնեցուցին: Փոխադրակառքին մէջ, մեր տեղերը գրաւեցինք յուսախաբ ու տխուր: Մէկ-երկու ժամ ետք, ետեւի շարքէն, Պէյրութի Նշան Փալանջեան ճեմարանի ուսուցիչներէն Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանը մեղմ ձայնով սկսաւ Կիկոյի երգը երգելու…
«Ջուխտ եզ ունեմ, ծախու կու տամ
Քանի որ տան՝ պիտ ծախեմ,
Զիմ Կիկոյին թիւֆէնկ մ՛առնեմ
Տանեմ գրեմ ֆետայի:
Ելի՛ր լաօ, զէնքդ վերցուր.
Թողնենք մեր շահն, աշխատանք,
Օտարէն մեզ ֆայտա չկայ,
Ելիր, սազէ՛ քո թիւֆէնկ»:
Բացարձակ լռութեան ու խոր մթութեան մէջ, գեղջուկ հօր սրտէն բխած երգը կարծես պրն. Յովհաննէսին նուէրն էր՝ հայրենիքի պաշտպան քաջ Անդրանիկի յիշատակին նուիրուած: Առաջնորդը թեէեւ ժպտեցաւ, մեր յուսախաբութիւնը նուազեցաւ, ու թիւֆէնկով կամ առանց թիւֆէնկի, ազգին ծառայելու մեր պատրաստակամութիւնը զօրացաւ:
1971էն 1994 տարիներուն, Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւնը՝ Հոլիվուտէն հիւսիս, 90 մղոն հեռաւորութեան վրայ, «Անճելըս» ազգային անտառին մէջ, լեռներուն վրայ գեղեցիկ հայկական ճամբար (CAMP) մը ունէր:
Ամրան երեկոյ մը, երբ երկնակամարի վրայ լուսին չէր երեւեր, ճամբարի ղեկավարներէն Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը յայտարարեց, թէ այս գիշեր բոլորս՝ վարիչ ուսուցիչ, խորհրդատու (counselor) եւ ճամբարագնացներ (campers) ֆետայի, պիտի ըլլանք: Մեր փոքրիկ ելեկտրական ձեռնալամպերը (flashlights) բռնած ու յեղափոխական երգեր երգելով՝ մօտակայ խորունկ ձորը պիտի իջնենք: (Անշուշտ, ֆետայիները առանց լոյսի եւ անշշուկ կ՛արշաւէին):
«Լուսին չկար, մութ գիշեր էր,
Մի խումբ կ՛երթար արագ-արագ»:
«Թիփի բորան մութ գիշերին,
Պըտըտում էր ֆետային.
Փամփուշտները խաչկապ կապած՝
Հրացաններ ուսերին:
Ա՜խ, ֆետայիներ, ջա՜ն ֆետայիներ,
Ձեր մայրերը ձեզ ղուրպան,
Դաշնակցութեան ցանած սերմեր,
Օրհնեալ ըլլան յաւիտեան»:
Օտար երկինքներու տակ ծնած եւ հասակ առնող նոր սերունդին հոգիներուն մէջ ինչպէ՞ս ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ոգի պիտի մշակենք, եթէ ոչ այսպիսի յեղաշրջիչ երգերով եւ իրենց մորթին վրայ զգացած փորձառութիւններով:

23 Սեպտեմբեր, 2003ին, Ստեփանակերտի սպայից շէնքին ընդարձակ սրահին մէջ, ՀՕՄ Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն հիմնադրութեան հինգամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ: Դահլիճին մէջ ներկայ էին կառավարական բարձրաստիճան հիւրեր, սպաներ, պետական եւ ՀՕՄի մանկապարտէզներու տնօրէններ, աշակերտներ եւ ծնողներ:
Բեմին վրայ, սեւ լաչակով ու սպիտակ մորթով հերոսուհի Սօսէ Մայրիկին հսկայ դիմանկարը հանդիսականներուն ուշադրութեան կիզակէտը եղաւ: 1899ին, իր ամուսնոյն՝ նշանաւոր հայդուկապետ Սերոբ Աղբիւրի, դաւադրաբար թունաւորուիլն ու գլխատուիլը, եւ իր զաւակին՝ 12-13 տարեկան Յակոբիկին, մորթուիլը տեսած դիւցազուն հայուհին, հիմա կարծես ազատատենչ Արցախի ժողովուրդը գօտեպնդելու եկած էր: Սօսէ Մայրիկին նկարին առջեւ, լայն բեմին վրայ, ՀՕՄի «Սօսէ» ութ մանկապարտէզներու աշակերտները՝ մեծամասնութեամբ ազատամարտիկներու զաւակներ ու անուշիկ որբուկներ, գեղեցիկ պարեցին, արտասանեցին ու ամբողջ ուժով ու թոթով լեզուով սկսան նաեւ երգիլու՝
«Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, սիրուն իմ Սօսէ,
Վեր առ մոսինը, քաջութիւն հոս է,
Քո սիրած Սերոբին օրհնեալ օրն այս է:
Ձայն տուաւ Սօսէն՝ Սերո՛բ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած ձայնիդ կը սպասեմ,
Մեզ հետ կռուելու, քու կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ, պատրաստ է Սօսէն»:
Այսօր նոյնպէս, գնդակ կ՛որոտայ Արցախի սահմաններուն վրայ, քաջ եւ անվախ «Սօսէ Մայրիկ»ներու ոգեկան ներկայութիւնը անհրաժեշտ է ամէնուրեք:
***
2005ի Յուլիս ամսուն, «Մաշտոց» քոլեճի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, 22 ուխտաւորներ, երբ Կիլիկիա եւ Արեւմտեան Հայաստան ման կու գայինք, յաճախ՝ աւերակէ աւերակ, մեր սաստիկ փոթորկած հոգիները հանդարտեցնելու ու արդար զայրոյթը զսպելու համար, ամէն քայլափոխի ազգային-յեղափոխական երգերը օգնութեան կը կանչէինք:
1786էն 1909, 41 անգամ դաժան թշնամին ետ մղած ու լեռներու մէջ կորսուած երբ «քաջերու օրրան» Զէյթուն կը մտնէինք, ոգեւորութեամբ «Արեւն ելաւ զէյթունցիներ» կ՛երգէինք, մինչ Ս. Կարապետ վանքը կը բարձրանայինք.
«Ա՜խ ֆետայիներ, ջա՜ն ֆետայիներ,
Ձեր մայրերը ձեզ ղուրպան,
Մշոյ սուլթան, Սուրբ Կարապետ
Ձեզի լինի օգնական»:
Աստուծոյ կ՛աղերսէինք: Երբ Սուլուխի կամուրջին մօտէն «պաս»ով կ՛անցնէինք, 27 Մայիս, 1907ին ազգին համար նահատակուած նշանաւոր ֆետայի Գէորգ Չաւուշին նուիրուած երգը կ՛երգէինք…
«Սոսկումն ահաւոր պատեց Մշոյ դաշտ,
Զարնուէր էր Գէորգ սարերի ասլան»:
Լեռներուն վրայէն, երբ ՀՅԴ շարժման եւ ռազմական կեդրոն Կարին կ՛երթայինք, «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» թնդացուցինք, իսկ երբ խորտ-ուբորտ եւ փոշոտ ճանբայէն Վարագայ վանք կը բարձրանայինք, մեր խումբին մեներգիչը՝ ՀՕՄական ընկերուհի Վարդուհի Սահակեան-Թոմասեանը, (երգիչ Արա Սահակեանի մայրը), քաղցր ձայնով սկսաւ երգելու՝ «Հայրիկ, հայրիկ, քո հայրենիք Վասպուրական մեր աշխարհ…»:
Վանքի աւերակներուն մէջ Խրիմեան Հայրիկը կը փնտռէինք, որպէսզի ներկայ դարուն մեզ մտքի «շերեփ»ներով ալ սպառազինէ:
***
Քեսապցիները իմաստալից ու շատ սիրուած աւանդութիւն մը ունին՝ փեսային գլխուն վրայ օրհնէք կը կատարեն: Նախքան Ս. պսակը, փեսային տունը, կամ ներկայիս՝ հարսանեկան խրախճանքի սրահին մէջ, երիտասարդները փեսային շուրջ կը հաւաքուին, զինք աթոռին վրայ կը նստեցնեն, եւ խաչեղբայրը փեսային բաճկոնը բռնած՝ կը սկսին երգելու.
«Զարթիր, որդեակ, յուշ բեր, վեր կաց,
Պատերազմի փողն հնչեց,
Զարթի՛ր, գոչեց ձայնն հայրենեաց
Կենաց մահու ժամն հնչեց»:
Խաչեղբայրը բաճկոնը փեսային գլխուն վերեւ երեք անգամ կլոր-կլոր կը դարձնէ, մինչ ընկերները՝ «Աստուօծ շընըֆըրի, Աստուօծ շընըֆըրի, Աստուօծ շընըֆըրի (Աստուած շնորհաւորէ) կը գոչեն.
«Ելի՛ր, կապեմ սուրը մէջքիդ,
Ասպար կապեմ քու ուսէդ,
Եւ սուրբ դրօշակն հայրենիքիդ
Թող ծածանի աջ թեւէդ»:
Այսպէս, դարձեալ «Աստուօծ շընըֆըրի, Աստուօծ շընըֆըրի, Աստուօծ շընըֆըրի» կը կանչեն ամէն տունէ ետք, մինչ խաչեղբայրը բաճկոնը կը դարձնէ երեք անգամ:
«Զինուորի մօր երգով» երիտասարդները փեսան կը զինեն, որպէսզի քաջ զինուորի մը պէս իր ընտանիքը եւ հայրենիքը պաշտպանէ:
Հայ ժողովուրդը իր ուրախ թէ տխուր օրերուն, իր սրտի զգացումները յաճախ յեղափոխական երգերով կ՛արտայայտէ:
ՀՅԴ Ուխտին հաւատարիմ մնացած շարքային մը երբ մահանայ, ընկերները նոր փորուած գերեզմանին առջեւ, եռագոյն դրօշակով ծածկուած դագաղին շուրջ կը բոլորուին ու կը սկսին երգելու.
«Վէրքերով լի ջան ֆետայ եմ,
Թափառական տուն չունեմ…»:
Կամ՝
«Մենք անկեղծ զինուոր ենք առանց ի վիճակ,
Ուխտել ենք ծառայել երկար ժամանակ…»:
Յուզիչ ու խորիմաստ տեսարան մը եւ սգաւորներուն վիշտը թեթեւցնող թերեւս միակ դարմանն է, թէ՝ հանգուցեալը «մարդ եկաւ եւ մարդ գնաց այս աշխարհէն»:
Վերոյիշեալ դրուագներով ու աւանդութիւններով փորձեցի ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս ազգային-յեղափոխական երգերը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, մեր ինքնութեան մաս կը կազմեն: Անոնք ահաւոր ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը մնացորդացին վէրքերու բալասան կը հանդիսանան, եւ անարդարութեան փակ դռներուն առջեւ՝ բողոքի ճիչ…:
Փա՜ռք «Հայ ազգի պաշտպան վեհ Դաշնակցութեան», որ 120 տարիներէ ի վեր ազգասէր սերունդներ կը թրծէ. փա՜ռք սրբազան պայքարի դաշտին վրայ զոհուած հերոսներուն, փա՜ռք յեղափոխական երգերու բառերը եւ երաժշտութիւնը յօրինողներուն, եւ պատի՜ւ այն սքանչելի երգիչներուն՝ լուսահոգի Ճորճ Թիւթիւնճեանին, ներկայի Գառնիկ Սարգիսեանին, Ներսիկ Իսպիրեանին եւ յաճախ Լեւոն Գաթրճեանին, որոնք քանի մը տասնեակներէ ի վեր, Հայ Դատին համար հաւատաւոր զինուորներ կը պատրաստեն:
Մասնաւորապէս յեղափոխական երգեր երգող երիտասարդները, երբ բեմ կը բարձրանան ու կը սկսին՝ «Արիւնոտ դրօշ, վեհ Դաշնակցութեան», «Արազի ափին ծնած ընկեր», «Ագուլիսցի քաջ պատանի», «Ո՛վ որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ», «Կռուեցէ՛ք տղերք, կռուեցէ՛ք քաջ-քաջ» եւ այլ երգեր երգելու, կարծես սրահին մէջ ներկայ եղող ժողովուրդը կ՛ելեկտրանանայ, կը հմայուի, երիտասարդներն ու պատանիները եռագոյն դրօշակներով ու որոտընդոստ ծափերով հայ ազգին յաւերժութեան նախանշանը կարծես կու տան:
Թող Աստուած այս երգիչներուն շունչը անսպա՛ռ պահէ, եւ թող մեր զաւակներն ու թոռները անոնց խտասալիկներով հոգեպէս սնանին, փոխանակ՝ անճոռնի բառերով ու օտարոտի գոռում-գոչումներով: Կեցցէ՛ այն ազգը, որ ազգերու ընտանիքին մէջ իր արժանաւոր տեղը կը գրաւէ, իր իւրայատուկ համն ու հոտը կը պահէ եւ երբե՛ք յուսահատիլ չի գիտեր: