ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Յիսունմէկ տարիներ առաջ, ամրան, «Ասպարէզ» թերթի խմբագրատան մէջ (Ֆրեզնօ) Հ.Յ.Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ շրջանային գործադիր մարմինի ժողով կար: Կը վարէր Սողոմոն Թէհլիրեանը:
Դադարին, «Ասպարէզ»ի խմբագիր Անդրէ Ամուրեան, հարց տուաւ Ս. Թէհլիրեանին, թէ ի՞նչ բառով ան պիտի ուզէր բնութագրել Պէյրութի մէջ նորօք հանգուցեալ Վարդան Շահպազը, որ «Պանք Օթոման»ի գրաւման իր մասնակցութենէն (1896) ետք, Կովկասի, Վասպուրականի, իր ծննդավայր Սեբաստիոյ, ապա Երզնկայի մէջ, 25 տարիներ անձնուիրաբար մասնակցած էր Հայ յեղափոխական ձեռնարկներուն՝ բազմիցս շփուելով մահուան հետ: «Ֆետայիի տիպար», կարճ ու կտրուկ եղաւ Թէհլիրեանի պատասխանը:
Նկատեցինք, որ ան յուզուեցաւ: Ա. Ամուրեան գոհացաւ տրուած պատասխանով ու անմիջապէս փոխեց խօսակցութեան նիւթը: Ան գիտէր, որ կը սաստկանար, երբ ենթական յուզուէր: Այդ գիտէինք նաեւ ժողովականներս. ժողովը ստիպուած եղանք կարճ կապել…
Հիմա, որ 50 տարիներ անցած են չարաբաստիկ այն օրէն, երբ նոյն «արեան գերճնշում» կոչուած տկարութիւնը չարացաւ եւ զայն առաւ տարաւ այս աշխարհէն, հոգիս խորան ըրած իր պաշտելի յիշատակին, ես ինքս կը փորձեմ անոր ինքնութեան հարազատ բնութագրումը տալ. կը զգամ, որ ինկած եմ «լաբիւրինտոս»ի անելին մէջ:

Ի՞նչ մակդիր տալ անոր, որուն երակներուն մէջ շրջող արեան ալիքները մեղեդիներ կ՛երգեն: Սիրտը կը յորդի առաքինութիւններով: Բարութիւն, հեզութիւն, համեստութիւն, պարկեշտութիւն, ազնուութիւն:
Հոգին զարդարուած է արիութեան, ասպետութեան, նուիրուածութեան, վեհանձնութեան բարձր յատկութիւններով: Վարքն ու բարքը անբիծ ու անբասիր են:
Բնութիւնը երկրային, բայց էութիւնը երկնային է, խառնուածքը՝ բիւրեղանման, նկարագիրը՝ ազնուական շաղախներով կազմուած. միտքը, սակայն, բռնուած է վրէժխնդրութեան բոցերով, արիւնը արեամբ մաքրելու «բիրտ ու անմարդկային» դատողութեամբ…
Ի՞նչ վերադիր տալ անոր, որ բիւրաւոր հայ այրիներու, որբերու, որդեկորոյս մայրերու, հայրենակորոյս ու անօթեւան բազմութիւններու օրհնութեան, պաշտամունքին արժանացաւ, փառաբանուեցաւ, եւ որուն ետեւէն փառքն ու պատիւը վազեցին, բայց ինք համեստութիւն ու խոնարհութիւն գերադասեց: Ինչ բառով որակել այս խոհեմ մեծութիւնը, որ յաջողեցաւ վերոյիշեալ հակադրութիւնները իրարու հետ հաշտեցնել, նոյն պարունակին մէջ ամփոփել, նոյն յայտարարին վերածել եւ բոլորին հետ խղճով եւ համերաշխ ապրիլ: Ի՞նչ բառով որակել Սողոմոն Թէհլիրեանը: Սիրտս կ՛ըսէ՝ երանելին…
Ծնունդն էր Բարձր Հայքի Երիզա (Երզնկա) գաւառի, Բագառիճ աւանին, որուն հանդիպակաց խոժոռ ժայռերուն վրայ թառած արծիւները արշալոյսի առաջին շողերուն գինովութիւնը կ՛ապրէին, որուն սարալանջերուն վրայ հայ հովիւները սրինգ կը նուագէին, հերկերուն թարմ բոյրերէն արբած մշակները «հօ՜, հորովել» կ՛երգէին, որուն հովիտներուն եւ կիրճերուն մէջ սոխակը կը դայլայլէր, զեփիւռը կը թրթռար…

Ութ, անյիշատակ ժամանակներ առաջ, հայոց հեթանոս նախնիքը, լոյսին ու բարութեան աստուծոյն՝ Միհրին, մայրութեան ու սիրոյ աստուածուհի Անահիտին մեհեաններուն ու բագիններուն առջեւ պատարագ կը մատուցանէր, պաշտամունք կը կատարէր:
Շառաւիղն էր ան հայոց քրիստոնէադաւան նախնիներուն, որոնք Բագառիճ գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ խորանին դիմաց ծնկաչոք, ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուցած՝ Ամենակալին «Աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգին հայոց սէր-միութիւն, մարդոց մեղքերուն թողութիւն» կ՛աղերսէին…
Կախարդական այս մթնոլորտին մէջ խմորուած էր Թէհլիրեանի խառնուածքը, լեռնական ոգիներ դարբնած էր անոր նկարագիրը, բնութիւնը առաքինութիւններով զարդարած էր անոր հոգին, արեւային կրակներով թրծուած էր անոր կամքը, բայց ինք, համեստութեան վերարկուն ուսին՝ խոնարհ, հեզ ու բարի մարդու կեանքը նախընտրեց: Ծնած էր երգիչ, բանաստեղծ ըլլալու, բայց ճակատագիրը զայն ահաբեկիչ, նեմեսիս դարձուց: Բայց ան յաջողեցաւ այդ երկու վիճակներն ալ մարմնաւորել: Այդ պարզ պատճառով ալ եղաւ, ու պիտի միշտ մնայ՝ երանելի:
Մտերիմները կ՛սէին, թէ հանգիստի պահերուն Թէհլիրեան կը սիրէր բազկաթոռին վրայ ընկողմանած, ձայնասփիւռէն հնչող դասական երաժշտութեան կտոր մը կամ մեղեդի մը ունկնդրել, կամ քնարաշունչ հայ բանաստեղծին քերթուածները կարդալով՝ վերանալ ու լիանալ:
Արդարեւ «վերյիշումներ» խորագրուած յուշերուն սկիզբը, Թէհլիրեանի «Մայրիկիս» վերնագրուած գրութիւնը ձօն մըն է 1915ի Մեծ Եղեռնին զոհ գացած մօր յիշատակին: Գրութիւն, որ նոյն ժամանակ ողբ մըն է նահատակուած բիւրաւոր հայ մայրերուն եւ հայ ժողովուրդին ապրած արհաւիրքներուն, նաեւ լռելեայն ուխտ մը՝ իր կողմէ այդ անօրինակ անարդարութիւնը սրբագրելու եւ նահատակուած «բոլոր հայ մայրերու յիշատակը յաւերժացնելու», բանաստեղծական արձակի ինքնատիպ ստեղծագործութիւն մըն է, որ խորունկ ապրումներ նրբութեամբ ու արուեստով արտայայտելու Թէհլիրեանի տաղանդը կը յայտնաբերէ:
Կու տանք ստորեւ.
ՄԱՅՐԻԿԻՍ
«Անհունի աղջամուղջին մէջ յիշատակդ իսկ թառամելու, առ յաւէտ կորսուելու գաղափարէն զարհուրած՝ փնտռեցի քեզ, մա՜յր իմ…
Թափառեցայ երկրէ երկիր, անապատէ անապատ: Անցայ մեր տարաբախտ ու աւերակոյտի վերածուած հայրենիքի քաղաքներն ու գիւղերը, սարերն ու ձորերը…
Զուր եղան իմ բոլոր որոնումները…
Ամէն կողմ ամայութեան զարհուրելի համայնապատկերը կը ներկայանար իմ աչքերուն: Չկար այլեւս այն կեանքը, եռ ու զեռը, դաշտերու հմայիչ երեւոյթը. առուակներուն կարկաչիւնը, թռչուններուն ուրախ ու զուարթ ճռուողիւնը…
Բոլո՜րը, բոլո՜րը չքացեր էին արիւնոտ բորենիին գազանային բնազդին բաւարարութիւն տրուած ըլլալու հետեւանքով:
Բուերու թագաւորութիւնն էր տիրապետողը մեր հայրենիքին մէջ:
Ամայութիւ՜ն, ամայութի՜ւն…
Եփրատը անհանգիստ ու գժտ-ուած էր ձեր խոշտանգուած դիակներէն իր անսկիզբ ժամանակներու ընթացքը խանգարուած ըլլալուն…
Բողոքի ու ըմբոստութեան մռն-չիւնները միայն կը լսուէին իր կոհակներէն: Ան եւս կ՛ողբար իր անցեալը:
Վճիտ ու յստակ ջուրերը ներկուած էին հայ մայրերու, երեխաներու, երիտասարդներու եւ ծերերու անմեղ արիւնով… Իր հոգին եւս վրդովուած էր հայ ցեղի ահռելի ողբերգութեան կենդանի վկան ու ականատեսը ըլլալուն համար…
Հեռաւոր ու անծանօթ անապատները անողոք ու լուռ էին: Կարծես յագեցած էին իրենց հրկիզեալ աւազներուն վրայ ցրուած ոսկերոտիքէն…
Դառնօրէն ողբացի ի տես մարդկային պատմութեան մէջ տեղի ունեցած արհաւիրքներու այս ամենազարհուրելիէն: Տատանումներ ունեցայ մինչեւ յուսահատութեան անփառունակ ոլորտները տանող, բայց կսկիծը, ողբերգութեան ահաւոր տեսարանները ցնցեցին իմ հոգին. ուժ ու կորով ներշնչեցին ինծի՝ ապրելու. կեանքը շարունակելու մարմաջը պարտադրելով: Թերեւս անոր համար, որ առիթը ունենամ քեզի հանդէպ, մայր իմ, եւ քեզ հետ բիւրաւոր հայ մայրերուն, որոնք խաչուեցան հայ գողգոթայի վրայ, իմ՝ հայ զաւակի՝ տարրական պարտականութիւնս կատարելու… որեւէ ձեւով յաւերժացնելու յիշատակը թափուած արեան գետերու…
Դուն, մա՜յր իմ, որ կեանք տուիր ինծի, արտասուաթոր աչքերով համբուրեցիր զիս դառն զգացումով մը լեցուած, թէ այլեւս պիտի չտեսնուէինք. իրաւունք ունէիր: Ճիշդ էր նոյնպէս քու հառաչանքը եւ արդարացի՝ «հազիւ մեծցուցի, թեւ առիր ու կը թռիս, կը հեռանաս ինձմէ»: Այո՛, հեռացայ: Այլեւս քեզ յաւիտեանս չտեսնելու պայմանով, բայց քու տուած կաթը, քու ունեցած մայրական անսահման գուրգուրանքը այնպիսի խոր արմատներ ձգած էին իմ հոգիի ալքերուն մէջ, որ մոռնալ այդ բոլորը, անտարբեր մնալ, մանաւանդ քու եղերական վախճանէն յետոյ՝ կարելի չէր…
Այսօր խորհրդապաշտ հաւատացեալի մը նման, ուզեցի «Անծանօթ մօր անյայտ գերեզման» մը կառուցանել իմ հոգիիս մէջ ու երկիւղածօրէն երկրպագել այդ կոթողին առջեւ, որպէս հնամենի բագինի մը… Ուզեցի, իմ հեթանոս աղօթքի խորհուրդները, միացուած խունկի ու կնդրուկի բուրումնաւէտ ծուխին՝ ցրուել ու հասցնել անհունի առեղծուածային բարձրունքները, որպէս իմ սրտագին պաշտամունքի քու անմոռանալի յիշատակին, մա՜յր իմ, ինչպէս նաեւ հազար-հազար ողջակիզուածներուն, որոնք նահատակուեցան մեր ցեղի ազատագրութեան պայքարին համար ու անէացան առ յաւէտ՝ առանց հողակոյտի, առանց շիրիմի…»:
Դիւցազնապատում մըն է Թէհլիրեանի 1915էն 1919 տարիներու կեանքը: Կովկասեան ռազմաճակատի վրայ: Սերպիայէն Թիֆլիս անցնելով՝ ան կամաւոր կ՛արձանագրուի եւ հայկական Ա. գունդին մէջ կը մասնակցի Վասպուրականի գրաւման կռիւներուն, ապա՝ աղէտալի նահանջին: Անոր հոգիին վրայ ծանր կ՛ազդեն Հայաստանի աւերածութեանց, գաղթական ժողովուրդի տառապանքի տեսարանները: Բայց ան չի վհատիր: Հայրենասիրական օրինակելի արտայայտութիւն մըն է ռուս բանակին հետ Արեւմտեան Հայաստան երթալով՝ ծննդավայր Երզնկայի վերաշինութեան ու վերաբնակեցման աշխատանքին իր մասնակցութիւնը՝ 1916ին:

Այցելելով հօրենական աւերակուած տունը, տեղեկանալով մօր, եղբօր, հարազատներու եւ շրջանի ամբողջ հայերուն եղերական վախճանի մասին, հոգեկան ու ֆիզիքական ծանր ցնցումներու կ՛ենթարկուի: Այդ օրերուն կը սկսի «արեան գերճնշում» կոչուած իր հիւանդութիւնը, որ, ինչպէս արդէն տեսանք, զինք չարչարեց ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ մահուան պատճառ եղաւ: Այստեղ է, որ ան կ՛ունենայ «նոպա»ներ, տեսիլներ, չի կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս Երզնկայի 20 հազար հայութենէն հազիւ տասնեակ մը ընտանիքներ վերապրած են:
Տառապանքի, ընդվզումի իր պահերուն մասին, ան կը գրէ. «Ու իմ առջեւ պատկերանում է Թալէաթի փքուն, ինքնագոհ դէմքը, որ մթութեան մէջ կարծես հանում է իր բրդոտ թաթը… Ա՜խ, կտրել այդ ձեռքը եւ թողնել, որ արիւնաքամ լինի հրէշը, որ կարող լինի զգալ եւ հասկնալ իր կատարած ոճիրի ահաւոր չափերը… հաւատա՞լ արդեօք, որ մի օր, երբեւիցէ, կը լինի մի արդարադատաստան…»
Հաւանական է, որ 1916ի աշնան, իր հօրենական աւերակուած տան ու առջեւի պարտէզին մէջ Ս. Թէհլիրեանի ունեցած զարհուրանքի տեսիլներուն ու խորտակիչ ապրումներուն արդիւնքը եղաւ վերեւի ուխտը, զոր ան պիտի յաջողէր իրագործել չորս ու կէս տարի ետք, 1921 Մարտ 15ին, Պերլինի Հարտենպերկ Շտրասը պողոտային վրայ շանթահարելով հրէշը՝ Թալէաթը, գլխաւոր պատասխանատուն Ս. Թէհլիրեանի եւ արեւմտահայութեան վերապրողներու տագնապներուն եւ մղձաւանջին:
Հրաշք մըն է խորտակուած հոգեվիճակէն գործուն կեանքին վերադառնալու Թէհլիրեանի սխրանքը: Զօրաւոր կամքին շնորհիւ, Ս. Թէհլիրեան կը յաջողի վերականգնել իր հոգեկան կորովն ու առողջութիւնը: Խումբ մը ընկերներու հետ կը լծուի շրջանի՝ Երզնկայի, քիւրտերուն մօտ աքսորի ժամանակ ապաստան գտած հազարաւոր հայ կիներ, աղջիկներ ու պատանիներ ազատելու եւ իրենց ազգին գիրկը վերադարձնելու գործին՝ իւրաքանչիւրին համար մէկ հնչուն ոսկի վճարելով: Նոյն ժամանակ, ան կը մասնակցի Երզնկայի հայ հանրութեան պատկանող քանդուած շէնքերու վերաշինութեան եւ Երզնկա վերադարձած հայերը թուրքերու եւ քիւրտերու յարձակումներէն պաշտպանելու գործին: Այս շրջանին է, երբ ան կը ծանօթանայ նոյն աշխատանքներուն լծուած Վարդան Շահպազին, զոր, ինչպէս գրութեան սկիզբը դիտել տուինք, «Ֆետայիի տիպար» կոչած էր:
Հերոսապատում մըն է 1918 Փետրուարէն սկսած, հայ-թրքական պատերազմի ընթացքին, սեբաստացի Մուրատի առաջնորդութեամբ երզնկայի հայութեան հետ միասին կռուելով դէպի կովկասհայ զօրամասին հետ իրենց նահանջը, որուն ընթացքին Թէհլիրեան թեւէն կը վիրաւորուի:
Իրեն նման վիրաւորներու խումբի մը հետ, Սարիղամիշէն մէկնելով, Կարս-Ալեքսանդրապոլ-Ղարաքիլիսէ ճանապարհով Թիֆլիս կը հասնին:
Մինչ անոնք հիւանդանոցին մէջ կ՛ապաքինէին, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրայ հայ զօրքերը թուրք բանակը պարտութեան մատնելով՝ կը յայտարարուէր Հայաստանի անկախութիւնը:
Ոդիսական մը եղաւ 1919ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 1921 Մարտ 15 իր ապրած կեանքը:
Հազիւ ապաքինած՝ Թէհլիրեան կը յիշէ Երզնկայի մէջ, հօրենական տան առջեւ իր կատարած ուխտը եւ Սեւ Ծովի վրայով կը մեկնի Պոլիս, Թալիաթը գտնելու եւ պատժելու հեռանկարով: Պոլիսը այդ ժամանակ անգլիական զինուորական իշխանութեան տակ կը գտնուէր:
Կը խռովի, կը տագնապի, երբ Պոլիս հասած առաջին իսկ օրը կ՛իմանայ, թէ Յարութիւն Մկրտիչեան կոչուած վատը, որ թուրք գաղտնի ոստիկանութեան մատնած էր մայրաքաղաքի 250 հայ մտաւորականները, արձակ-համարձակ կը պտտի եւ զեխ կեանք մը կ՛ապրի: Կ՛որոշէ նախ մատնիչը պատժել: Կարճ ժամանակ մը չարագործը հետապնդելէ ետք, կ՛որոշէ զայն ահաբեկել ի՛ր իսկ տան մէջ: Եւ օր մը, երբ մատնիչը եւ խումբ մը բարեկամներ ճաշասեղանի մը շուրջ հաւաքուած՝ կ՛արբենային ու կը զուարճանային, Թէհլիրեան, պատուհանէն արձակած ատրճանակի գնդակով մը զայն կ՛ահաբեկէ:
Թալիաթը գտնելու Թէհլիրեանի փորձերը ի վերջոյ զայն կը բերէն այն եզրակացութեան, որ ան ապաստան գտած է Գերմանիա եւ իր գործակիցներուն հետ, կեղծ անուններու տակ ծպտուած՝ այնտեղ կ՛ապրին:
Ան անմիջապէս կը մեկնի Փարիզ՝ այնտեղ գործակիցներ գտնելու եւ իր ծրագիրի իրականացման ձեռնարկելու:
Բախտը սակայն ուրիշ բան տնօրինած էր:
Անակնկալ նամակ մը կը ստանայ Պոսթընէն: Գրողը Կովկասեան ռազմաճակատի վրայ քանի մը տարի առաջ իր ճանչցած Համօ Քարաչամեանն է՝ Պոսթընի «Հայրենիք» թերթի թղթակիցը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեդր. կոմիտէին կողմէ, կարեւոր գործի մը համար զինք Ամերիկա կը հրաւիրէր:
Թէհլիրեան անմիջապէս կը մեկնի Նիւ Եորք, ապա Պոսթըն, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի մօտ: Կարճ ժամանակ ետք, վերջիններուն հետ կ՛երթայ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի մօտ, ուր կը պարզուի «կարեւոր» գործին պատկերը: «Ինծի շուտով պարզուեց, որ այն, ինչի մասին եւ գիշեր ցերեկ երազում էի, այստեղ արդէն կենդանի գործ դարձած է», կը գրէ ան իր յուշերուն մէջ:
Արդարեւ, ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ Պոլսոյ պատասխանատու մարմինին յանձնուած թուրք եղեռնագործները պատժուելու որոշումը արդէն իսկ ընթացքի մէջ էր: Պոլիսէն սկսած մինչեւ Փարիզ, Հռոմ, Պերլին, մինչեւ Պոսթըն, արդարահատոյցներու (նեմեսիս) խումբ մը, գիշեր ու ցերեկ կը հետեւէր եղեռնագործներու վոհմակին, յարմար վայրկեանին զանոնք պատժելու, եւ իրագործելու երկու տարի առաջ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարուած իրենց կուսակցութեան 9րդ ընդհանուր ժողովին որոշումը:
Սողոմոն Թէհլիրեան իր տարերքին մէջ էր: Հին յեղափոխական Արմէն Գարօ իրեն կը վստահէր Թալիաթը ահաբեկելու լուրջ առաքելութիւնը:
Արմէն Գարոյի ցուցմունքները լաւ մը իւրացնելէ ետք, Թէհլիրեան կ՛երթայ նախ Փարիզ, կ՛անցնի Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը, եւ Պերլինի վիզան ապահովելէ ետք, իբրեւ «մեքենագիտութեան ուսանող» մուտք կը գործէ Գերմանիա:
Պերլինի մէջ ան շուտով կը ծանօթանայ կեղծ անուններու եւ ենթադրեալ պիտակներու (ուսանող, արուեստագէտ, առեւտրական եւ այլն) տակ այնտեղ ապրող տասնեակ մը իր գործակիցներուն, որոնք ամենայն նրբութեամբ ու գաղտնապահութեամբ, հսկումներով, հետապնդումներով, հետազօտութիւններով արդէն իսկ գիտէին, թէ Թալիաթը, Էնվերը, Պեհաէտտին Շաքիրը, Պետրին, Ճեմալ Ազմին՝ թուրք բորենիներու խումբին աւագանին, ո՞ւր կայցելեն, որտե՞ղ իրարու կը հանդիպին, որո՞ւ հետ կը տեսակցին եւ այլն:
«Պոլիսէն ստացուած եւ Փարիզէն Պերլին ուղարկուած էր ծածկագիր, ուր կ՛ըսուէր, թէ Թալիաթը ապրում է Պերլինի Հարտեմբերկ թիւ 4 բնակարանը, Ալի Սալիհ Բէյ կեղծ անուան տակ», կը գրէ Թէհլիրեան յուշերուն մէջ:
Անմիջապէս, ընկերներուն հետ կ՛երթայ, սենեակ մը կը վարձէ Թալիաթի բնակած շէնքի փողոցին հանդիպակաց տան վերի յարկին վրայ, ու կը սկսի տիւ ու գիշեր, պատուհանի վարագոյրին ետեւէն հսկել անոր երթեւեկի ժամանակին ու իրեն ուղեկցողներու (եթէ ըլլան) ինքնութեանց: Ան երբեմն նկարներ կը հանէ գրպանէն, եւ դարձեալ վարագոյրի ետեւէն կը փորձէ զանոնք բաղդատել դիմացի շէնքի մուտքի աստիճաններուն կամ պատշգամին վրայ երեւցողներուն հետ, ստուգելու համար, թէ ո՛վ է Թալիաթը:
Ընկերներուն հետ անհրաժեշտ բոլոր ստուգումները կատարելէ եւ համոզուելէ ետք, որ դիմացը բնակողը նոյն ինքը Թալիաթն է, ան կ՛որոշէ ընելիքը եւ դարանակալ կը սպասէ զայն ահաբեկելու: Պատմողը ինքը՝ Թէհլիրեանն է.
«Առաւօտ սովորականից շուտ ելայ. արեւի շողերը արդէն հասել էին դիմացի շէնքի պատուհանին: Հազիւ էի աւարտել թէյս եւ ուզում էի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին, երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամում տեսայ Թալիաթին: Քարացայ. նա՞ էր արդեօք: Այ՛…
Նա մէկ երկու քայլ առաջ անցաւ, ուշադիր զննեց մայթը՝ նախ վեր, ապա վար, ու կարծես ինչ մտքերի ծանրութեան տակ՝ գլուխը կախեց: Ըստ երեւոյթին, թեթեւ չէր կեանքը, գործած անպատում ոճիրից յետոյ:
Լծակի պէս հաստ դաստակը վեր տարաւ, ձեռքով ճակատը շփեց, ներս մտաւ: Նայեցի ժամացոյցին. 10 էր, Ուհլանտ գնալու իր սովորական ժամը: Զէնքը առի վրաս՝ պատրաստ դուրս գալու: Յանկարծ նա յայտնուեց դրան մօտ ու փղի պէս ծանրօրէն սկսեց վար իջնել: Երբ դուրս ելայ փողոց, դիմացի մայթով արդէն բռնել էր Ուհլանտի ուղին: Սառը դատողութիւնը ինձ ասում էր, որ այս անգամ անկարող պիտի լինի ազատուել ձեռքիցս, բայց եւ յուզումը բազմալեզու աղաղակներով փոթորկում էր ինձ:
– «Հասի՛ր, վազի՛ր. անցի՛ր միւս մայթ, ու շեղակի կօնակից, մէջքի՛ն, գլխի՛ն, շու՛տ, անցի՛ր փողոցը»…
Մայթից իջայ փողոց՝ յետեւը անցնելու համար, բայց յանկարծ մի բան յետ մղեց ինձ. հազար անգամ պարզուած բացորոշ բանը այդ պահին մէկէնիմէկ կասկածելի թուաց. նա՞ է արդեօք…
_ «Անցիր դիմացը, դիմա՛ցը, դիմացը ուղղակի ճակա՛տին, շու՛տ, շու՛տ, շու՛տ, վազիր»…

Դիմացի մայթով հաւասարուեցի նրան, արագ քայլերով բաւական յառաջացայ. անցայ նոյն մայթը, ուսկից գնում էր նա: Յետ դարձայ: Մօտենում էինք իրար: Նա գալիս էր ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով: Մի կարճ տարածութիւն մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն համակեց էութիւնս: Հաւասարուելու վրայ Թալիաթը շեշտակի նայեց ինձ. աչքերի մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեց. մի քիչ թեքուեց, որ խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխին պարպելս մէկ եղաւ…
Թալիաթը հարուածից կարծես ցցուեց ու մի ակնթարթ հզօր մարմինը պրկուեց ձիգ, բայց երերուն. ապա՝ սղոցուած կաղնու բունի պէս երեսի վրայ տապալուեց թնդիւնով… Քիչ դէնը մի կին ճչաց ու գետին փռուեց. մի մարդ վազեց դէպի նա… բնաւ չէի կարող երեւակայել, որ այդպիսի դիւրութեամբ գետին պիտի փռուի գազանը: Մի վայրկեան մղում ունեցայ բոլոր գնդակները պարպելու մէջքին, բայց փոխանակ կրակելու, ատրճանակս նետեցի: Սեւ, թանձր արիւնը վայրկեանապէս լճացաւ Թալիաթի գլխի շուրջ. կարծես ջարդուած անօթից մազութ էր դուրս թափւում…
– Մարդ սպա՜ննեց,- լսեցի…
Նայեցի վեր, վար, դիմացը, ամէն կողմ մարդիկ կանգ առած՝ նայում էին ինձ…
– Մարդ սպաննեց, բռնեցէք,- ճչաց մէկը՝ ցանցաձեւ պարզելով դէպի ինձ ձեռքերը…
Բայց լճացող արիւնը կարծես դիւթել էր ինձ…»
Սողոմոն Թէհլիրեան կը ձերբակալուի, ապա կը յանձնուի դատարան:
Ինչքան զգայացունց եղած էր Թէհլիրեանի ահաբեկման տեսարանը, նոյնքան տպաւորիչ ու արժանավայել եղան դատավարութիւնն ու դատավճիռը: Մեծ մարդասպանին ահաբեկման առիթով ցնծութեամբ լեցուած հայութիւնը, իր բարոյական թէ նիւթական բոլոր միջոցները ի սպաս դրաւ հերոսի պաշտպանութեան գործին:
Ի զուր անցան թուրքերուն քաղաքական, դիւանագիտական դաւերը՝ մոլորեցնելու գերման արդարադատութիւնը:
Հայ ժողովուրդին վրայ գործած ոճիրներու մասին Թէհլիրեանի բերած սահմռկեցուցիչ փաստերը, դատավարութեան ընթացքին անոր վեհանձն ու տպաւորիչ պահուածքը մեծ ազդեցութիւն գործեցին դատասրահ ներկայացած հասարակութեան, մամուլի ներկայացուցիչներուն, մանաւանդ երդուեալներուն (ժուրի) վրայ:
Աշխարհահռչակ մարդասէր դոկտ. Լեփսիւսի առարկայական փաստարկութիւնները Թալիաթի ղեկավարութեամբ հայերուն վրայ թուրքերուն գործած ոճիրներուն մասին, Թէհլիրեանի պաշտպան փաստաբաններու կողմէ դատը բարոյական, մարդկայնական եղանակներով քննելու եղանակը դրական ազդեցութիւն ունեցան երդուեալներուն վրայ, որոնց արդիւնքը եղաւ հետեւեալ դատավճիռը.
«Երդուեալները յայտնուեցին. մէկը նրանցից դողդոջուն ձայնով կարդաց՝ աչքերին շատ մօտ բռնած թուղթը.
– «Պատուով ու խղճով վկայում եմ, որպէս երդուեալների որոշումը՝ յանցաւո՞ր է ամբաստանեալ Սողոմոն Թէհլիրեանը 1921ի Մարտ 15ին Շարլոտեմբուրգում մի մարդ՝ Թալիաթ փաշային սպաննած լինելուն համար:
– Ո՛չ: Օտտօ Ռայնիկէ, երդուեալների գլխաւոր»:
Յանկարծ սրահը դղրդաց բուռն, որոտընդոստ ծափերից: Նախագահը ստորագրեց որոշումը՝ խնդրելով նոյնը անել քարտուղարին եւ կարդալ:
– Ամբաստանեալը արձակւում է անպարտ պետական սնտուկի հաշուին, յայտարարեց նախագահը, երբ վերջինը աւարտեց ընթերցումը…
Նոր աւելի երկարատեւ ծափեր ընդհատեցին նրան:
– Բանտարկութեան հրամանը ամբաստանեալի նկատմամբ ջնջուած է…»
Գերման դատարանի կողմէ Թէհլիրեանի անպարտ արձակման վճիռը 20րդ դարուն հայութեան շնորհուած իրաւական կարեւոր վաւերագիրներէն մէկը եղաւ:
Սողոմոն Թէհլիրեանի արարքը հանդիսացաւ նախատիպարը հայերուս արդարահատուցման իրաւունքին, եւ սկիզբ մը՝ միւս թուրք եղեռնագործները պատժելու վճիռին: Ան եղաւ բնորդը (մոտէլ) բազուկով դատաստան կատարելու միջոցին, երբ օրէնքով արդարութիւն կայացնելու միջոցները կը բացակային:
Անպարտ արձակուելէ ետք, պարտականութիւնը լրիւ կատարողի գոհունակութեամբ, Թէհլիրեան կը մեկնի Սերպիա, հօր ու հօրեղբայրներուն մօտ, որոնք երկար տարիներ առաջ Երզնկայէն եկած ու հոն հաստատուած էին: Ապահովական պատճառներով, ան Սարօ Մելիքեան անունը կը գործածէ: Օրիորդ Անահիտ Թաթիկեանի հետ ընտանիք կը կազմէ եւ կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով՝ Շահէն եւ Զաւէն:
1950ին անոնք կը փոխադրուին Քազապլանքա (Մարօք), ապա կը մեկնին Փարիզ, ու վերջապէս կը հասնին Միացեալ Նահանգներ՝ հաստատուելով Սանֆրանսիսքօ: Ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը, որ այն օրերուն նախաեղեռնական սերունդ էր, Թէհլիրեանը գրկաբաց ընդունեց: Ապրիլեան եղեռնի ցաւով տառապող հայ բեկորներուն ցաւած սրտին բալասան, անոր խռով հոգիին մխիթարութիւն էր վրիժառու հերոսին ներկայութիւնը իրենց մէջ: Ժողովուրդը իրմով, ինք ժողովուրդով, ցնծութեան պահեր ապրեցան:
Համահայկական դէմք էր. յարաբերութիւն ունէր հայութեան զանազան խաւերու պատկանող անհատներու հետ: Յարգուած անձ էր ու շատերու կողմէ սիրուած. սակայն իր անմիջական կապերն ու առօրեայ շփումները իր գաղափարի ընկերներն ու համակիր բարեկամները եղան:
Տեղեակ չէինք, թէ երբ մտած էր Դաշնակցութեան շարքերը: Քալիֆորնիոյ մէջ վեց տարիներու իր կեցութեան ընթացքին, տեսանք ու հաստատեցինք, որ ան ի ծնէ, իր արեան բոլոր բջիջներով, սրտով ու հոգիով, խմորով ու խառնուածքով, կենցաղով ու նկարագրով, վարքով ու բարքով, ամբողջ էութեամբ դաշնակցական էր:
Քալիֆորնիոյ շրջանի կուսակցական գործերուն ան մասնակցեցաւ իբրեւ պարզ ընկեր, շրջանային գործադիր մարմինի մեկուսի կոմիտէի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամի իր հանգամանքով:
Արդէն մեծ համբաւ կը վայելէր. իր վարկը աւելի բարձրացաւ, երբ Եգիպտոսէն եկաւ Գահիրէ տպուած «Վերյիշումներ» խորագիրը կրող իր յուշերու գիրքը: Ընթերցողները հմայուեցան՝ իր կատարած գործերուն իրազեկ դառնալով:
Բնաւորութեամբ հանդարտ էր, սակաւախօս, անյիշաչար, խտրականութիւնը անհարազատ էր իրեն: Արտաքուստ պաշտօնական, բայց ներքուստ՝ ջերմ ու մտերմական, մասնաւորաբար գաղափարի ընկերներուն նկատմամբ. մեղմ ու մելամաղձոտ ժպիտը դէմքին անպակաս էր. ծայր աստիճան զգայուն էր, բայց երբեք՝ դիւրագրգիռ, մի՛շտ հաւասարակշիռ: Յարգելի էր, նոյնաժամանակ՝ սիրելի: Գիտէր իր վայելած ժողովրդականութեան ծաւալն ու տարողութիւնը, բայց մնաց միշտ համեստ, հեզ ու խոնարհ: Առաքինութիւնները եղան իրեն ուղեցոյց: Երանի իրեն…
Համայն հայ ժողովուրդը սգաց իր կորուստը: Ազգային, եկեղեցական, կուսակցական մարմիններ միասին, հերոսին վայել թաղում կազմակերպեցին եւ խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ, Սողոմոն Թէհլիրեանի մարմինը յանձնուեցաւ Ֆրեզնոյի հայկական գերեզմանոցի հողին:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէն իմաստութիւնը ունեցաւ որոշելու յուշարձան մը բարձրացնել Թէհլիրեանի յիշատակին: Գաղափարը վերածուեցաւ համակուսակցական ձեռնարկի: Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրօն հանգանակութեամբ ապահովեց յուշարձանը կառուցանելու անհրաժեշտ գումարն ու կոթողէ կերպարին նախագիծը: Գործին անհրաժեշտ լրջութեամբ եւ գիտակցութեամբ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէն, Յակոբեանի ու կարգ մը ընկերներու գործակցութեամբ, յաջողեցաւ ի վերջոյ ծրագիրը իրագործել եւ Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքի «Մասիս» գերեզմանատան հրապարակին կեդրոնը, հերոսի անուան ու գործին վայել՝ պատկառազդու, վեհաշուք եւ հիասքանչ կոթող մը բարձրացնել 1969ի Օգոստոս ամսուն:
Հայոց արդարահատուցման խոր-հրդանիշն է Սողոմոն Թէհլիրեանի յիշատակին նուիրուած Ֆրեզնոյի «Մասիս» գերեզմանատան հրապարակի յուշարձանը: Մեր ազգային մեծագոյն ողբերգութեան՝ 1915ի Մեծ Եղեռնին պատճառած ցաւին մխիթարութեան սրբավայրն է ան: Հայերուս արժանապատուութեան վերականգնումին, սեփական ուժով մեր իրաւունքներուն տիրանալու հաւատքին ու յոյսին խորհրդանիշն է միանգամայն: Վեհ նպատակներու, ազնիւ գործերու ծառայութեան եղած խոստումներու վերանորոգման ուխտատեղին է ան: Եւ վերջապէս ազգային հպարտութեամբ ապրելու մեր տենչին կենսատու աղբիւր՝ նուիրական կոթողը:
Սողոմոն Թէհլիրեան՝ հայոց աշխարհիկ սուրբերու շարքին ԵՐԱՆԵԼԻ անուն մը…, որուն մահուան 50ամեակին եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 120ամեակին առթիւ գրուած այս տողերը՝ իբրեւ պտղունց մը խունկ կը վառենք իր պաշտելի յիշատակին: