
ՀԻՒՍԹԸՆ, Թեքսաս.- Հիւսթընի եւ Տալասի հայութիւնը անմասն չմնաց ՀՅԴի 120ամեակի եւ ՀՕՄի 100ամեակի տօնակատարութիւններէն: Դեկտեմբեր 11, 2010ին, Հիւսթընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը՝ կազմակերպութեամբ տեղւոյն ՀՅԴ «Աղբիւր Սերոբ» կոմիտէութեան եւ ՀՕՄի «Շողեր» մասնաճիւղին: Տալասի մասնակցողները 3.5-5 ժամ ճամբորդութիւն կատարած էին՝ սրահ հասնելու համար. օրուան պատգամաբերը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, յատուկ հրաւիրուած էր Քալիֆորնիայէն, նաեւ ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանային վարչութեան հինգ անդամները ժամանած էին նոյնպէս Քալիֆորնիայէն: Փոքրաթիւ այս գաղութի ձեռնարկին ներկաներուն թիւը շուրջ 160 էր: Քալիֆորնիայէն եկած հիւրերու ներկայութիւնը մեծապէս խրախուսեց տեղւոյն գաղութը եւ մանաւանդ՝ ՀՕՄի «Շողեր» մասնաճիւղը, որուն անդամները ձեռնարկէն օր մը առաջ հանդիպեցան ՀՕՄի շրջանային վարչութեան դիւանին հետ, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանի:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց Վռոյր Ֆրանքեանը՝ ՀՅԴի «Աղբիւր Սերոբ» կոմիտէութեան կողմէ: Դրօշակի արարողութենէն ետք, ընկեր Ֆրանքեան բարի գալուստի խօսքով բնութագրեց Դաշնակցութեան անցեալի հիմքերը, ներկայի ազգապահպանման եւ քաղաքական դերերն ու գործունէութիւնը Սփիւռքին մէջ եւ հայրենիքէն ներս:
ՀՕՄի «Շողեր» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Ֆրանքեան ներկայացուց 29ամեայ մասնաճիւղի աշխատանքները թէ՛ տեւոյն գաղութին եւ թէ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեց, թէ ՀՕՄի 100ամեակի նշումը անդամներուն համար առիթ մըն է վերահաստատելու իրենց ուխտը:
ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան վեր առաւ Դաշնակցութեան եւ Ակնունիի դերակատարութիւնը ՀՕՄի հիմնադրութեան կապակցութեամբ, թուեց ՀՕՄի անկիւնադարձային արժէք ունեցող պատմական իրողութիւնները՝ ժողովուրդի պէտքերուն հասնելու նկատմամբ, շնորհաւորեց ՀՕՄի «Շողեր» մասնաճիւղը եւ համոզում յայտնեց, որ ՀՕՄը իր երկրորդ հարիւրամեակին ընթացքին, իր մասնաճիւղերու եւ անդամներու ծառայական ոգիով ու նուիրումով պիտի շարունակէ հասնիլ իր հետապնդած նպատակներուն:
ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան նախ անդրադառնալով ՀՕՄի 100ամեակին՝ օրինակներով բացատրեց, թէ գործն է կարեւորը, եւ ՀՕՄի գործը ճանչնալու համար պէտք է այցելել հեռաւոր անկիւններ, ինչպիսին են՝ ՀՕՄի æաւախքի Ֆոնտին ստեղծած միջոցներով հայ երիտասարդական կեդրոններու հայապահպանման աշխատանքը կամ Արցախի տարածքին գործող ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզները:
Ընկեր Թաշճեան կոչ ուղղեց Հիւսթընի գաղութին, որ մղում տայ «Շողեր» մասնաճիւղին՝ շարունակելու համար իր առաքելութիւնը: Իսկ Դաշնակցութեան 120ամեակին առիթով, պատգամաբերը դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին կը պատկանի, եւ իր գոյութեան 120 տարիներուն կատարուած աշխատանքն է, որ կարեւոր է, այլ ոչ թէ տարիներու թիւը: Ան բնութագրեց կուսակցութեան դիմագիծն ու նկարագիրը, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար՝ անկախ Հայաստանի իրականութեան առընթեր արձանագրութիւնները (protocols), ընկերային արդարութեան հարցերը, աղքատութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու չարաշահումը: Ան երիտասարդներուն կոչ ուղղեց իրազեկ ըլլալու ներկայ քաղաքական հարցելուն եւ միասնականութեամբ պայքարելու Հայ Դատի արդար լուծման՝ յիշեցնելով Մարթին Լութըր կրտսերին խօսքը՝ «Որեւէ տեղի անարդարութիւնը, ամէն տեղի արդարութեան կը սպառնայ («Injustice anywhere is a threat to justice everywhere):
Եզրափակելով՝ Յ. Թաշճեան վերահաստատեց Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը դիմագրաւելու բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները՝ հասնելու համար հայ ժողովուրդի կարիքներուն:
Զոյգ տարեդարձներու կարկանդակի հատումէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ հայկական պարերու եւ ազգային երգերու ելեւէջներով, մինչեւ ուշ գիշեր, սրտապնդելով փոքրաթիւ գաղութը, որպէսզի իր կարգին, իր բաժինը բերէ հայ ժողովուրդի ծառայութեան: