ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Շաբաթ, Յունուար 15ի կէս գիշերին, Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, մասնակցութեամբ Վաչէ արք. Յովսէփեանի, Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի, Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի, տեղի ունեցաւ հին տոմարով նշուած Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ (Յունուար 19) յատուկ արարողութիւն մը՝ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Սաղիմահայ միութեան:
Առաջնորդը տուաւ օրուան պատշաճ պատգամը եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սուրբ Ծնունդը աշխարհի մեծագոյն նուէրն է. Սուրբ Ծնունդը մեր հոգեւոր կեանքի կողմնացոյցն է, որպէսզի ապրինք Քրիստոսով. Քրիստոսի Ս. Ծնունդը լոյսի ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ»:
Արարողութեան աւարտին, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ աւանդական æրօրհնէք, որուն յաջորդեց խրախճանք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.