ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յայտնի պատմասաց Ալիծ Աղպապեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Հրէական աշխարհի դէտ» կազմակերպութեան հիմնադիր Ճենիս Քամենիր Ռեզնիքի ի պատիւ կազմակերպուած «Համաշխարհային ոգի» փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 1ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, «Սայնայ» տաճառին մէջ (10400 Wilshire Blvd., Los Angeles, 90024):
Ալիծ Աղպապեան հայկական, հրէական եւ լիբանանեան աւանդութիւններէ քաղուած պատմութիւններ պիտի պատմէ ու պիտի ցուցադրէ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու լուսանկարներ՝ առնուած Վարդան Տերունեանի հաւաքածոյէն: Ան պիտի խօսի նաեւ պատմական Հայաստան ու Տէր Զօր կատարած իր ուխտագնացութեանց փորձառութիւններուն մասին:
7 տարի առաջ հիմնուած «Հրէական աշխարհի դէտ» կազմակերպութիւնը մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւն մըն է, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 65 սինակոկներ: Կազմակերպութիւնը ունի աւելի քան 350,000 անդամներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.