
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական կողմի ձեռնարկած քայլերուն իբրեւ արդիւնք, քանի մը օր առաջ Շուէտի համարկման նախարար Էրիք Ուլենհակի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնը վերցուած է Շուէտի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջէն։
Ըստ թրքական օրաթերթին, Յունուար 27ին, հրէական ողջակիզմուի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին, Ուլենհակի կատարած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ թուրք պաշտօնատարները կապուած են իրենց շուէտացի գործընկերներուն եւ անոնց յայտնած իրենց մտահոգութիւնը։ Շուէտական կողմը Անգարայի տեղեկացուցած է, թէ Ուլենհակի յայտարարութիւնները չեն արտացոլացներ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ Շուէտի կառավարութեան պաշտօնական տեսակէտը եւ կառավարութեան կայքէջէն վերցուցած են նախարարին խօսքերը։
Յիշեցնենք, որ Շուէտի սինակոկներէն մէկուն մէջ խօսք առած ժամանակ, նախարար Էրիք Ուլենհակ յիշած էր Ատոլֆ Հիթլերի «ո՞վ կը յիշէ հայերու բնաջնջումը» յայտնի արտայայտութիւնը՝ յայտնելով, որ Հիթլըր, հրեաներու ցեղասպանութիւնը իրականացնելու հարցին մէջ ներշնչուած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն։