ՊԵՐԼԻՆ.- Ուրբաթ, Փետրուար 11ին, Պերլինի «Ընդդէմ պատերազմի» անունը կրող թանգարանի «Խաղաղութեան սրահ»ին մէջ, «Տեղահանութիւն, Հետապնդում, Ոչնչացում» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ:
«Տեղահանութիւն, Հետապնդում, Ոչնչացում» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, զոր պատրաստած է Պերլինի Փաստագրութեան եւ վաւերագրութեան հայկական կեդրոնը, Օսմանեան կայսրութեան հայերու ցեղասպանութիւնը կը վաւերագրէ:
Ցուցահանդէսը ողջոյնի խօսքով բաց յայտարարեց հովանաւորը՝ Պերլինի կեդրոնի քաղաքապետ Քրիստիան Հանք: Այնուհետեւ ներկաները ունկնդրեցին Գերմանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանի ելոյթը, որուն յաջորդեց ցուցահանդէսը համակարգող դոկտ. Թեսսա Հոֆմանի՝ «Համաշխարհային պատերազմը եւ ցեղասպանութիւնը. 1915-16ին Օսմանեան կայսրութեան հայերու ոչնչացումը» թեմայով դասախօսութիւնը: Նոյն հեղինակին նախատեսուած երկրորդ դասախօսութիւնը՝ «Սարսափի եւ մեղադրանքի պատկերներ. 1878-1922ի լուսանկարչական վաւերագրութիւն» խորագիրով, պիտի կայանայ Մարտ 10ին, նոյն սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլ 30:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.