Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պոյ-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-18: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 19ին: Ժամանում՝ Յուլիս 30-31ին, մեկնում՝ Օգոստոս 20-21ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պէտք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ, ՀԵՌԱՊԱՏՃԷՆԻ (ֆաքս) թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ:
ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ:
Արձանագրութեան սակն է՝ 700 եուրօ կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտի 31ը: Այս թուականէն վերջ այդ սակը 550 եուրոյի պիտի բարձրանայ: Արձանագրութեան մնացեալ մասը կը վճարուի ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց՝ որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԵՏ ՉԻ ԴԱՐՁՈՒԻՐ:
Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ եւ ՄԻæԱԶԳԱՅԻՆ ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն՝ ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի՝ Assoc. Padus-Araxes c/o Dip. Studi Asiatici San Polo 2035- 30125 Venezia (Italia): Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք որ կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխագիրներու միջոցով, որ է՝ mandat-poste international/international money-order:
Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 20 ներառեալ, ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակն է՝ 820 եուրօ՝ առանձին սենեակի մէջ, 610 եուրօ՝ երկու հոգինոց սենեակի մէջ: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան մէջ, պիտի արժեն 8 եուրօ:
Տեղեկութիւններու համար հեռապատճէնել +39.041.2414448 թիւին, կամ ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ daniela@padus-araxes.com: Ի հարկին հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10.00-13.00, եւ կամ +39.347.4562981 թիւին, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20-21.30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: ԵՐԲԵՔ չհեռաձայնել Վենետիկի Համալսարանի գրասենեակներուն: Բջիջային համարին կարելի է զանգել նաեւ Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները: